Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղի Հարցով Փոխզիջումը Պէտք Չէ Վնասէ Այնտեղ Բնակող Մարդոց. Զախարովա

Ղարաբաղի Հարցով Փոխզիջումը Պէտք Չէ Վնասէ Այնտեղ Բնակող Մարդոց. Զախարովա

by MassisPost

Արցախի հարցով փոխզիջումը պէտք չէ վնասէ այնտեղ բնակող մարդոց,  15 յունիսին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը:

«Կը կարծեմ` երկու կողմերն ալ (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներն ու պետական գործիչները) այդ հարցի լուծման շուրջ իրենց հայեացքները ունին: Այս իսկապէս հին խնդրի լուծման հաստատուած ձեւաչափ գոյութիւն ունի, որ փոխզիջում կ՛ենթադրէ: Փոխզիջում փնտռելը կողմերու դիրքորոշումներու մերձեցումն է` անկախ անկէ, թէ որքան հակասական կրնան ըլլալ անոնք: Անլուծելի թուացող հարցերու հանգուցալուծումը գտնելը դիւանագիտական աշխատանքի միջազգային փորձ է: Մենք համաձայն ենք ձեզի հետ այն հարցով, որ իրավիճակը լուծում ու յառաջխաղացում կը պահանջէ:

«Նոյն այդ պատճառով յատկապէս վերջին ժամանակներուն շփումները աւելի յաճախակի դարձած են: Ատոնք տեղի կ՛ունենան տարբեր ձեւաչափերով: Ռուսիան իր կողմէն, իբրեւ համապատասխան ձեւաչափի մասնակից,   անհրաժեշտ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի փոխզիջումը գտնուի: Ցանկալի է, որ անիկա գտնուի եւ որքան շուտ, այնքան լաւ, սակայն առանց վնասելու երկու երկիրներու ժողովուրդներուն եւ ի հարկէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն», -նշած է Մարիա Զախարովա` պատասխանելով բանակցային գործընթացի առաջխաղացման անհրաժեշտութեան մասին հարցումին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment