Հայաստանի նոր Խորհրդարանի անդրանիկ նիստի ընթացքին ելոյթ ունենալով, նախագահ Սերժ Սարգսեան դարձեալ խօսեցաւ տարբեր ոլորտներու մէջ` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական բարեփոխումներ իրականացնելու մասին` որոնց շնորհիւ, մինչեւ 2040 թուականը երկրէն ներս աղքատութեան մակարդակը պիտի նուազի` հասնելով 7-8 տոկոսի ու Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի հասնի 4 միլիոնի:
Սերժ Սարգսեանի տուած այս խոստումները ընդհանրապէս ընդունուեցան մեծ թերահաւատութեամբ, նկատի առնելով այն պարագան, որ ան իր պաշտօնի ստանձման առաջին օրէն սկսեալ միշտ ալ հանդէս եկած է նման լաւատես յայտարարութիւններով, որոնք գրեթէ բոլորն ալ մնացած են թուղթի վրայ:
Նախագահի ելոյթի այն բաժինը, որ կը վերաբերէր Հայաստանի բնակչութիւնը 4 միլիոնի հասցնելու մասին, այդ եւս ընդունուեցաւ մեծ վերապահութեամբ եւ նոյնիսկ ծիծաղով:
Չկայ հայ մը, որ պիտի չուզէր որ իր հայրենիքի բնակչութիւնը հասնի ու ինչու չէ նաեւ անցնի այդ 4 միլիոնը, քանի որ, անոր մէջ կը կայանայ Հայաստանի եւ հայութեան գոյութիւնն ու ապահովութիւնը` յառաջիկայ տասնամեակներու ընթացքին:
Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Հայաստանի ներկայի ժողովրդագրութեան պատկերը մնայուն անկումի մէջ է: Վերջին 6 տարիներուն, իրենց ծնողներուն հետ Հայաստանէն հեռացած են 34 հազար դպրոցական տարիքի երեխաներ: Ծնունդներու թիւը տարուէ տարի կը նուազի, նոյնպէս ամուսնութիւններու թիւը: Գիւղական շրջաններուն մէջ դպրոցները կը շարունակուին փակուիլ` բաւարար ուսանողներու չգոյութեան պատճառաւ: Այս բոլոր տուեալները ոչ միայն մտահոգիչ են, այլ համազօր են ազգային աղէտի, որու առաջքը առնելու համար բաւարար չեն օդին մէջ նետուած թիւերով խօսիլը:
Վերջերս ՄԱԿ-ի կողմէ պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը կը նախատեսէ, որ արտագաղթը նոյն ընթացքով պիտի շարունակուի ու մինչեւ 2050 թուականը Հայաստանը պիտի դառնայ 2 միլիոն բնակչութեամբ երկիր: Միջազգային այս կառոյցի գիտական տուեալները շատ աւելի վստահութեան արժանի են, քան Հայաստանի ոեւէ նախագահի խոստումները:
Սերժ Սարգսեան եւ կամ իրեն յաջորդները այսօր ունին գլխաւոր մէկ պարտականութիւն: Նախ կասեցնել արտագաղթը ու այդ ընելու համար պէտք է սկսիլ իշխող արատաւոր համակարգի փոփոխութեամբ:
«ՄԱՍԻՍ»