Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաւրով․ ԼՂ Կարգաւորման Շատ Բաղադրիչներ Արդէն Համաձայնեցուած են

Լաւրով․ ԼՂ Կարգաւորման Շատ Բաղադրիչներ Արդէն Համաձայնեցուած են

by MassisPost

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման «Լաւրովի ծրագիր» գոյութիւն չունի: Ան նշած է, որ ներկայիս քննարկուող գաղափարի հենքը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երեք երկիրներու կողմէ մշակուած առաջարկն է:

Ան նշած է, որ համանախագահներու մշակած կարգաւորման նախագիծը արմատապէս փոխելու կամ ինչ-որ նոր ծրագիրներ առաջարկելու մասին խօսք չ’երթար: Գլխաւորը՝ օգնել կողմերուն՝ գտնել հաւասարակշռուած քաղաքական լուծում, որ թոյլ կու տայ անցնիլ իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող փաստաթուղթերու պատրաստման, ըսած է ան: Լաւրովի խօսքերով՝ կարգաւորման շատ բաղադրիչներ արդէն համաձայնեցուած են. – «Մնացած են մի քանի հարցեր: Բայց անոնք ամենաբարդն են: Համաձայնութեան գալ դեռ չէ յաջողուած: Ամէն պարագայի աշխատանքը կը շարունակուի»:

Ռուսաստանի հետաքրքրութիւններու առումով, ան ըսած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան չկարգաւորուած իրավիճակը կ’անհանգստացնէ Ռուսիոյ: «Ղարաբաղեան կարգաւորումը մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է», – ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Լաւրովը չէ համաձայնած լրագրողի հնչեցուցած դիտարկման, թէ վերջին տարիներուն կարգաւորման ուղղութեամբ քայլեր չեն առնուած: «Ղարաբաղեան թեման մշտապէս կը գտնուի միջազգային միջնորդներու ուշադրութեան կեդրոնին, կը ձեռնարկուին ինչպէս խմբային, այնպէս ալ ինքնուրոյն ջանքեր այդ խնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ», – ըսած է ան:

Սերկէյ Լաւրով գովաբանած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի համագործակցութիւնը, նշելով՝ այդպիսի խմբային աշխատանքը կը վկայէ, թէ ինչպէս պէտք է համագործակցիլ միջազգային հակամարտութիւնները յաղթահարելու հարցերուն պարագային:

Ինչ կը վերաբերի ռուսական կողմի ջանքերուն, Լաւրով ըսած է, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հետ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումներուն ղարաբաղեան կարգաւորման խնդիրը անտարակոյս կարեւոր տեղ կը գրաւէ: «Մասնաւորապէս, առարկայական քննարկում տեղի ունեցած է Սերժ Սարգսեանի 15 մարտին Մոսկուա կատարած այցի ժամանակ», – յայտնած է Լաւրով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment