Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը Մերժեց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը Մերժեց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

by MassisPost

Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը 26 Յունուարին հակասահմանադրական համարած է ազգային կամ կրօնական հողի վրայ ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին Ազգային Ժողովի 22 Դեկտեմբերին ընդունած որոշումը:

Սահմանադրական խորհուրդը որոշ փոփոխութիւններ պահանջած է օրէնքի 173-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին մէջ, որ կը վերաբերի ցեղասպանութիւններու եւ որոշ յանցագործութիւններու (որոնց մէջ` անոնց, որոնք դեռ իրաւաբանօրէն այդպիսին չեն համարուիր) ժխտման համար տուգանքին:

Սահմանադրական Խորհուրդը սահմանած է, որ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելը եւ անկէ բխող տուգանքները պարտադիր են կիրառման համար, քանի որ կը խախտեն 1881-ին ընդունուած խօսքի եւ մամուլի ազատութեան մասին օրէնքը, որ կը հակասէ Ֆրանսայի սահմանադրութեան:

Նշենք նաեւ, որ Ազգային Ժողովի օրէնքի փոփոխութիւններուն մէջ կը խօսուի քրէականացման մասին ոչ միայն ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու, որոնք իրաւաբանօրէն արդէն յանցագործութիւն ճանչցուած են, այլ նաեւ այն յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնելու, որոնք իրաւաբանօրէն դեռ ցեղասպանութիւն կամ յանցագործութիւն չեն համարուիր եւ այս պահուն պատմաբաններու վէճի առարկայ են:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment