Սփիւռքի Խօսքը

by MassisPost

«Սասնայ Ծռեր» խումբին կողմէ  Երեւանի ոստիկանական կեդրոնատեղիի  գրաւումը ու անոր յաջորդած  ժողովրդային շարժումը կը շարունակէ մնալ հայութեան ուշադրութեան կեդրոնը`  Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին:

Այդ իրադարձութիւններու ընթացքին ու անկէ յետոյ յաճախ կը  հանդիպինք  գրութիւններու եւ  ելոյթներու, որոնց հեղինակները թիրախ դարձնելով սփիւռքահայ աւանդական  կուսակցութիւնները եւ կազմակերպութիւնները, կը մեղադրեն զանոնք լուռ մնալու եւ կեցուածք չունենալու մէջ:

Նախ պէտք է ճշդել, որ երբ խօսքը կը վերաբերի կուսակցութիւններուն, առաջին օրէն սկսեալ ու դէպքերու զարգացումներու ընթացքին,   կուսակցութիւները  հանդէս եկան   պաշտօնական բազմաթիւ յայտարարութիւններով, իսկ իրենց մամուլի օրկաններուն  մէջ լոյս տեսան ու կը շարունակեն   հրապարակուիլ յօդուածներ ու կարծիքներ:

Հնչող մեղադրանքները եթէ կը վերաբերին  հաւաքական խօսքի ու կեցուածքի բացակայութեան, ապա այդ պարագային  պէտք  է  ընդունիլ,  որ սփիւռքահայ կազմակերպութիւնները ընդհանրապէս եւ Ամերիկահայ կազմակերպութիւնները մասնաւորապէս, կը գտնուին  հաւաքական քայլերու դիմելու   եւ Հայաստանի   դիմագրաւած  դժուարութիւններուն յստակ ծրագիրներով յագեցուած լուծումներ առաջարկելու հրամայականին առջեւ:

Ախտաճանչումի, դատապարտումի,  մեղադրանքներու  պահը չէ այժմ: Այդ բոլորը կատարած ենք  տարիներէ  իվեր, առանց մեծ արդիւնքներու հասնելու:  Բոլորս ալ լաւ գիտենք Hայաստանի մէջ տիրող  վիճակը`  բոլոր մակարդակներու  վրայ: Կը դառնանք  կլոր շրջագծի  մը  մէջ, ուրկէ  դուրս  գալու անկարողութեան առջեւ կը գտնուինք ազգովին:

Ժամանակն  է որ, օգտագործենք   ամերիկահայութեան կարողութիւնները  եւ մասնագիտական ուժերը,  ոչ միայն լուծումներ  առաջարկելու, այլ նաեւ` այդ լուծումներուն հասնելու ձեւերու մասին գործնական ծրագիրներ մշակելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի շուրջ ընթացող միջազգային բազմաբնոյթ  եւ արագ  զարգացումներու լոյսին տակ, որոնք կը սպառնան նաեւ Արցախի ու Արցախահայութեան ճակատագրին, ներքին ճակատի ամրապնդումը խիստ անհրաժեշտութիւն է մեզի համար: Իսկ, ներքին  ճակատի համախմբման մէջ դեր ունի  կատարելիք նաեւ սփիւռքը:

Ժամանակը եկած է, որպէսզի սփիւռքը ըսէ իր ազդեցիկ խօսքը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment