Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Յաղթեցի՞նք, Թէ՞ Պարտուեցանք

Յաղթեցի՞նք, Թէ՞ Պարտուեցանք

by MassisPost

Սկիզբն իմաստութեան երկիւղ Տեառն (Առակաց, Ա. 7):

Ոսկան Մխիթարեան

Ազգովին յաղթեցինք, որովհետեւ անհաւատալի կործանարար արհաւիրքէ մը ազատեցանք եւ հայու արիւնը անգամ մը եւս ի զուր չթափուեցաւ: Տակաւին չենք կրցած հեռացնել մեր մտապատկերէն մղձաւանջային այն տառապանքները զորս ապրեցանք Լիբանանի քաղաքացիական առաջին պատերազմի եղբայրասպան կռիւներուն ատեն, երբ զոհ գացին անմեղ  երիտասարդներ հայու «վրիժառու» գնդակներով:

Անկասկած որ Հայրենիքին մէջ թաւալող վերջին մտահոգիչ դէպքերը ունեցան եւ պիտի ունենան իրենց դառն հետեւանքները մեր քաղաքական, տնտեսական, հասարակական-ընկերային կեանքին վրայ: Կիրքի եւ ատելութեան դրսեւորումները փոթորկեցին իւրանքանչիւր հայու ոգին ամէնուրեք: Պահ մը մոռցուեցաւ հանդարտ ու կշռադատեալ դատողութիւնը, եւ շիկացած կիրքեր, շօշափելի գիտակցութենէ զուրկ, ամբոխները խելագարեցին:

Ճգնաժամային այդ իրավիճակէն կրնային միայն օգտուիլ մեր դարաւոր թշնամիները, որոնք սուր ի ձեռին  տիւ ու գիշեր կը սպասեն մեր սահմաններուն մօտ, մեզ կործանելու վճռակամութեամբ: Այս ծանր փորձութենէն դուրս եկանք յաղթական, որովհետեւ յուսհատական քաղաքական գործողութիւններ չեն կրնար հասնիլ արդար լուծումի մը, երբ կը բացակայի այդտեղ կշռադատուած դատողութիւնը: Սակայն եւ այնպէս, այս բոլորին դրական կողմը ա՛յն եղաւ, որ Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ թէ այսուհետեւ «անհրաժեշտ է արագացնել արմատական փոփոխութիւնների գործընթացը»:

Յաղթեցինք՝ որովհետեւ Հայաստանի նախագահին պաշտօնական ելոյթը ինքնին «յուսադրիչ»  փաստ մըն էր այն իրողութեան, թէ մեր ժողովուրդը նուազագոյն զոհերով ու վնասներով դուրս եկաւ այս տագնապէն, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ եղբայրասպան արիւնահեղութենէն, եւ մեր քաջարի ազատամարտիկները, որոնք տարիներ առաջ իրենց կեանքի գնով պատերազմած էին հայրենի հողերը ազատագրելու եւ պաշտպանելու համար, արժանաւորապէս պահեցին իրենց նահատակութեան ու յաղթանակի պսակը եւ արժանացան ժողովրդային գնահատանքին:

Անհեթեթ է այսուհետեւ գործածել ահաբեկիչ, «տեռորիստ» մակդիրը մեր հերոս ազատամարտիկներուն նկատմամբ, որովհետեւ անոնք մեր բոլորին համար անխտիր դէպի մահ վազեցին եւ յաւերժ արժանացան հերոս-նահատակ տիտղոսներուն: Ժողովուրդի մը քսանհինգ տարիներու վրայ երկարող ընկերային արդարութիւն պահանջելու յուսհատական պոռթկումը ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ: Դանակը հասած էր ոսկորին….

Շա՜տ դիւրին է քննադատել թէ՛ ազատամարտիկները եւ թէ՛ բիրտ ու կոպիտ ոստիկանական ոյժերուն՝ անզէն ժողովուրդի դէմ  կատարած ասպատակութիւններն ու չարաշահումները: Մեր նպատակը քննադատութիւն չէ, այլ ախտաճանաչումէն անդին լուծումներ որոնել է, ստեղծելով այնպիսի մթնոլորտ, ուր յարգուին մարդկային ազատութեան բոլոր նորմերը եւ ազատ արտայայտութեան սահմանադրական իրաւունքները:

Եւ վերջապէս… պարտուեցանք որովհետեւ բիրտ ոյժը անգամ մը եւս յաղթեց ժամանակաւորակապէս եւ խեղդեց մարդկային խղճի բոլոր ճիչերն ու ճիգերը՝ արդարութիւն եւ հաւասարութիւն ստեղծելու:         Այո՛ պարտուեցանք, որովհետեւ քսանհինգ տարիներու վրայ երկարող տառապանքները չվերացան մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքէն, եւ տակաւին, յուսահատական վիճակի մէջ, իւրաքանչիւր հայաստանաբնակ հայ կը մտածէ հայրենիքը թողուլ եւ հեռանալ  (վերջնականապէս,  որոնելու համար իր բախտը օտարութեան մէջ:

Պարտուեցանք՝ որովհետեւ սփիւռքը իր բոլոր կառոյցներով, նամանաւանդ աւանդական կուսակցութիւններով, սառն պաղարիւնութեամբ դիտեց այս բոլորը եւ ըսելիք մը չունեցաւ:  Մեր սնանկացած մամուլը միայն յայտարարութիւններ հրատարակեց եւ քաջութիւնը չունեցաւ խմբագրականներով թէ՛ քննադատելու եւ թէ՛ լուծումի առաջարկներ ներկայացնելու:

Պարտուեցանք՝ որովհետեւ գրչի մեր երբեմնի յանդուգն հերոսները չկան այլեւս, այլ կան միայն հոգեպէս սնանկացած եւ կրտուած մտաւորականներ, որոնք կուրծքերնին զարդարած անարժան եւ աժան շքանշաններով, –Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ շնորհուած,– որպէս ստորնաքարշ գարշապար կը մնան՝ յանկարծ իրենց «բարձունք»էն վար չգլտորուելու համար:

Պարտուեցանք՝ որովհետեւ բոլոր անոնք, որոնք բեմերէն եւ խորաններէն բարձրաղաղակ կը գոչէին՝ «ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար», չկան հոն՝ ուր պէտք էր ըլլային — ժողովուրդին կողքին՝ արդարութիւն եւ հաւասարութիւն պահանջելով: Մամոնայապաշտ այս սքեմաւորները, այս ստրկացած հոգիները ոչինչով կ’արդարացնեն իրենց գոյութիւնը: Իրենց հանգիստն ու պաշտօնները ապահով պահելու համար ծախած են մարդկային արժանիքներու բոլոր սկզբունքները, հոգեւոր աղքատութեան մէջ տուայտելով ստորնաքարշ կը պահեն իրենց գոյութիւնը: Ի տես ժողովրդային պոռթկումին, ո՛չ մէկ կերպով փորձեցին միջնորդի դեր կատարել խնդրին հանգալուծման համար: Իսկ այդ քաջարի քահանան, Տէր Արմէն Մելքոնեանը,  որ Հոլանտայի մէջ իր ժողովուրդի կողքին կանգնած բողոքեց եղած անարդարութեան դէմ, պատժուեցաւ Ֆրանսայի առաջնորդ Վահան Արքեպիսկոպոսին կողմէ, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրահանգով: Այլեւս ընթերցողին կը թողում եզրայանգումները:

Պարտուեցանք՝ որովհետեւ քսանհինգ տարիներու սին խոստումները թերահաւատ դարձուցին մեր ժողովուրդը: Հաւատք եւ յոյս ներշնչող գործնական ո՛չ մէկ քայլ առնուած է ընկերային արդարութիւն հաստատելու համար:  Անպատժելիութեան մթնոթորտին մէջ տակաւին կը շարունակուին հանապազօրեայ սպանութիւնները: Կը շարունակուին կաշառակերութիւնը, անհանդուրժողութիւնը եւ քինախնդրութիւնը:

Պարտուեցանք՝ որովհետեւ քսանհինգ տարիներու ընթացքին չկարողացանք ստեղծել քաղաքական մտածողութեան առողջ եւ շինիչ քննարկում: Դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ պետութիւնն ու իշխանութիւնը միաձուլուած են, եւ այդ պատճառով՝ որեւէ հակա-իշխանական արարք կամ ժողովրդային շարժում շա՜տ դիւրութեամբ կ’որակուի որպէս պետականութեան դէմ հարուած:

Պարտուեցանք՝ որովհետեւ հարցերը չեն լուծուած եւ շատ ալ հեռու են լուծման յանգելու: Պայթուցիկ այս վիճակը կրնայ յանկարծ բռնկիլ այնպիսի պահուն երբ մեր ամբողջ երկիրը, «երազային Հայաստանը», կրնայ դիմագրաւել արտաքին նոր սպառնալիքներ, որոնց ոտնաձայները կը լսենք: Անհրաժեշտ է խորհրդային կարգերէն ժառանգուած՝ երկրին տնտեսութիւնը թալանող մենաշնորհեալ դասակարգին խորտակումը: Երկրի տնտեսութիւնը ասպատակող այս սակաւապետերը (oligarch) պետութեան ձեռքէն խլած են ամէն միջոց որ կը միտի երկրէն ներս ստեղծելու տնտեսական, հասարակական, իրաւաբանական եւ քաղաքական առողջ մթնոլորտ մը:

Պարտուեցանք՝ որովհետեւ ապակայունացած այս մթնոլորտին մէջ ժողովրդային յուսահատութեան դրսեւորումը պիտի տեսնենք զանգուածային նոր արտագաղթով: Հասած է պահը, որ երկիրը վերադարձնենք իր հարազատ զաւակներուն՝ իր ժողովուրդին, եւ վերականգնենք ժողովրդավարական բոլոր ազնիւ ու արդար սկզբունքները, յանուն մեր տառապեալ ժողովուրդին, յանուն մեր նահատակներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment