Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

Ուղղիղ երկու տարի առաջ այս օրերուն, Ամերիկայի ժողովուրդը կը պատրաստուէր ընտրելու իր նոր նախագահը: Ճորճ Պուշի պաշտօնավարութեան ութը տարիները կը մօտենային իրենց աւարտին: Երկիրը մխրճուած էր երկու պատերազմներու մէջ, իւրաքանչիւր ամիս 700 հազար ամերիկացիներ անգործներու շարքը կ’անցնէին, ֆինանսական հիմնարկութիւնները փուլ կու գային, տնտեսութիւնը քայքայման եզրին էր, իսկ նախագահ Պուշի կուսակցութիւնը` Հանրապետականները բարոյազրկուած վիճակի մէջ էին:
Նոյեմբեր 2-ին տեղի պիտի ունենան նոր ընտրութիւններ ու այս առթիւ բոլոր կանխատեսութիւնները կ’առաջնորդեն հոն, որ Հանրապետականները մեծ յաջողութիւններու պիտի հասնին, յատկապէս դառնալով մեծամասնութիւն` Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Տունէն ներս եւ նուազ հաւանականութեամբ` Ծերակոյտէն ներս:
ի՞ նչ տեղի ունեցաւ այս երկու տարիներու ընթացքին, որ նման շրջադարձ արձանագրուեցաւ ամերիկացիներու մօտ:
Նախագահ Օպամա իր նախընտրական արշաւի ընթացքին խոստացաւ ամերիկեան զօրքերը դուրս բերել իրաքեան ռազմադաշտէն ու կատարեց իր խոստումը: Ան խոստացաւ բարեփոխել երկրի առողջապահական համակարգը եւ ի գին մեծ դժուարութիւններու յաջողեցաւ հասնիլ այդ նպատակին: Օպամա եւ Դեմոկրատ Գոնկրէսը կարգ մը ազդու միջամտութիւններով եւ նոր օրէնքներ մշակելով կարողացան բարեկարգել դրամատնային եւ ֆինանսական հաստատութիւններու գործունէութիւնը ու այդպիսով կասեցնել տնտեսական անկումը, որ սկսելով ամերիկայէն տարածուած էր ամբողջ աշխարհով: Անգործներու թիւը թէեւ չնուազեցաւ, սակայն որոշ կայունութիւն մտցուած է նաեւ այդ դաշտէն ներս ու վերջին ամսուայ տուեալներով աւելի շատ գործատեղեր բացուած են, քան փակուած: Հակառակ այս բոլորին, երկիրը կը շարունակէ մնալ տնտեսական ծանր վիճակի մէջ ու ժողովուրդի մօտ դժգոհութիւնը կը մնայ համատարած:
Իսկ այս միջոցին ի՞ նչ կ’ընեն Օպամայի հակառակորդները` Հանրապետականները: Ամէն քայլափոխի կը քննադատեն նախագահին, որ իրենց իրաւունքն է: Սակայն, միաժամանակ երկրէն ներս կը սերմանեն անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ: Գոնկրէսէն ներս կը մերժեն Դեմոկրատներու բոլոր նախաձեռնութիւնները, դիմացը իրենց այլընտրանքային առաջարկները առանց ներկայացնելու, իսկ մամուլի միջոցաւ լուրեր կը տարածեն, թէ Օպամա մահմետական է, ան գաղտնի սոցիալիստ է, Ամերիկայի մէջ ծնած չէ եւ նման այլ կողմնակի հարցերով կը շահագործեն ժողովուրդի դիւրազգացութիւնները:
Ամիսներ շարունակ այս լարերուն վրայ խաղալէ ետք, հանրապետականներու ծոցէն ծնունդ առաւ նոր շարժում մը “թէյի կուսակցութիւն” (Tea Party) անուան տակ, այդ անունը վերցնելով 1773-ին ծայր առած Ամերիկայի անկախութեան շարժումէն, երբ ըմբոստանալով Անգլիացի գաղութարարներու դէմ, Պոսթոնի նաւահանգիստի աշխատաւորները սկսան անգլիական նաւերու բերած թէյը թափել ծովուն մէջ` իբրեւ բողոքի նշան պարտադրուած բարձր տուրքերուն:
Պետական աճող բացին դէմ բողոքի ելած “Թէյի կուսակցութեան” անդամները, բազմաթիւ նահանգներու մէջ յաջողեցան դուրս մղել Հանրապետական Կուսակցութեան չափաւորական թեկնածուները ու անոնց տեղ բերել ծայրայեղականներ, որոնցմէ շատեր նոյնիսկ չունին համապատասխան կարողութիւն` Գոնկրէսի անդամ դառնալու: Այս շարժումի թեկնածուները կ’առաջարկեն վերացնել Ընկերային Ապահովութիւնը (Social Security), 65 տարեկանէն վեր եղողներու առողջապահական ապահովագրութիւնը (Medicare), ընկերային այլ նպաստներ ու նաեւ Դաշնակցային Կառավարութեան կրթական բաժանմունքը (նախարարութիւնը): Պետական ծախսերը կրճատելու պատրուակին տակ կատարուող այս առաջարկներով, իւրաքանչիւր ամերիկացի կը ձգուի իր ճակատագրին: Անոնց կարծիքով պետութիւնը պարտաւոր չէ հոգալու ոեւէ մէկուն:
Մինչեւ օրս կատարուած հանրային կարծիքի հարցախոյզերը ցոյց կու տան, որ ժողովուրդը դժգոհ ըլլալով իր վիճակէն, պատրաստէ է իր քուէն տալու նոր դէմքերու: Այս կացութենէն օգտուողները կ’ըլլան ներկայիս փոքրամասնութիւն կազմող Հանրապետականները ու անոնց հետ միասին “Թէյի կուսակցութեան” կողմնակիցները, որոնք կը խոստանան վերատեսութեան ենթարկելու Նախագահ Օպամայի բոլոր ծրագիրները ու շրջանաւարտ Գոնկրէսի վաւերացուցած օրինագիծերը:
Նախագահ Օպամա նահանգէ-նահանգ այցելելով ժողովուրդին կը փորձէ յիշեցնել, թէ ինչպիսի ժառանգ ստացած էր նախորդը վարչակարգէն եւ կը փորձէ համոզել, որ պէտք չէ երկիրը դարձեալ յանձնել անոնց, որոնք գլխաւոր պատասխանատուներն են այսօրուայ վիճակին:
Մէկ բան յստակ է թէ, Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդի յիշողութիւնը բաւականին կարճ է եւ փոխանակ համբերատարօրէն սպասելու, որ երկու տարին իսկ չամբողջացուցած նախագահը, Դեմոկրատ մեծամասնութեան հետ շարունակէ իրականացնել ի բարենորոգչական ծրագիրները ու երկիրը դուրս բերէ այն փոսէն, որու մէջ ինկած էր Ճորճ Պուշի եւ Հանրապետականներու վարած ընկերային, տնտեսական եւ արտաքին քաղաքականութեան պատճառաւ, կը պատրաստուի իր ձայնը տալու Հանրապետականներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

The Future of Democracy and State Building in Postconflict Armenia

BY LAURE DELCOUR Carnegie Europe The Nagorno-Karabakh conflict interrupted Armenia’s reform movement…

The Church Should Stay Out Of Politics

Armenia is going through distressful times. The domestic political events are passing…

Rebutting Erdogan

BY DAVID L. PHILLIPS Former Chairman, Turkish-Armenian Reconciliation Commission U.S. President Donald…

The Credibility of the European Players Is at Stake

By K. Khodanian The Prime Minister of Armenia, Nikol Pashinyan, expressed concern…