Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պելճիքացի Պատգամաւորներ կը Ներառուին Ատրպէյճանական «Սեւ Ցուցակ»

Պելճիքացի Պատգամաւորներ կը Ներառուին Ատրպէյճանական «Սեւ Ցուցակ»

by MassisPost

Ըստ haqqin.az-ի, Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաջիեւ յայտարարած է, թէ Պելճիքայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը դիմած է երկրի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատին, «Քրիստոնեայ դեմոկրատներ և ֆլամանդացիներ» կուսակցութեան խորհուրդին, ուր ներկայացուցած է, թէ Էլս վան Հուֆը, այցելած է Լեռնային Ղարաբաղ:

Հաջիեւը նշած է, որ համապատասխան ճշտումներէ յետոյ պատգամաւորներ կը ներառուին «սեւ ցուցակ», եւ Ատրպէյճան անոնց մուտքը կÿարգիլուի: Յիշեցնենք, որ ներկայիս Հայաստան կ’այցելէ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատի պատգամաւոր, Պելճիքա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլս վան Հուֆի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց նաև Լեռնային Ղարաբաղը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment