Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Մեծամասնութիւնը Կը Սպասէ Իր Կալուածները Ծախելու Յարմար Առիթ Մը. Հալէպահայ

Մեր Մեծամասնութիւնը Կը Սպասէ Իր Կալուածները Ծախելու Յարմար Առիթ Մը. Հալէպահայ

by MassisPost

Աւելի մօտէն պարզելու համար Հալէպի մէջ այս օրերուն տիրող ընդհանուր իրավիճակը «Արեւելք» յաջողեցաւ զրուցել մինչեւ այս պահը հոն գտնուող գործարարի մը, որ յարգելի պատճառներով մերժեց իր անունը հրապարկել:

Մեր խօսակիցը մասնաւորապէս ըսաւ «Մենք բոլորս մեղաւոր ենք, որ չկրցանք պահել Հալէպի գաղութը եւ գաղտնիք մը բացայայտած պիտի չըլլամ, եթէ ըսեմ որ հալէպահայութիւնը իրատես չեղաւ: Իմ կարծիքով  այսօր ստեղծուած է այնպիտսի վիճակ մը, երբ Հալէպ մնացողներուն մեծ տոկոսը կը փափաքի լքել ամէն ինչ ու հոսկէ հեռանալ: Մեզմէ շատ շատեր կը սպասեն, որ ռազմական գործողութիւնները դադրին կամ հեռանան, որպէսզի մենք կարողանանք վաճարել մեր ունեցուածքը եւ գոնէ նախնական շրջանին այդ գումարներուն ապաւինելով տեղափոխուիլ ու ապրիլ այլ տեղ»:

Մեր խօսակիցը նաեւ ըսաւ, որ հակառակ տարուած ճիգերուն հալէպահայութիւնը մեծ թիւով կալուածներ կորսնցուց եւ այսօր մեծ թիւ կը կազմեն անոնք, որոնք զրկուած են ոչ միայն աշխատանքէ, այլ նաեւ կորսնցուցած են իրենց վաճառատուները, խանութներն ու աշխատանոցները եւ մնացած են ճարահատեալ վիճակի մը մէջ:

Մեր խօսակիցը, որուն գործատեղին ու պահեստանոցնները քանդուած եւ թալանուած նշեց, որ «Եթէ ինծի պէսերը չկարենան վաճարել իրենց կալուածները , ապա շատ դժուար դրութեան մէջ պիտի մնան, ու եթէ իրավիճակը այսպէս շարունակուի ապա պիտի ստիպուինք ամէն բան թողել եւ վերջնականապէս հեռանալ Հալէպէն»:

Անոր կարծիքով «Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի պատերազմը երկար պատերազմ է եւ յոյսեր չունինք, որ Հալէպի մէջ դարձեալ խաղաղութիւն կը տիրէ ու ամէն բան իր նախկին հունին կը վերադառնայ»:

«Հիմա վիճակը նոյնն է, բայց մեր չորս կողմը ճամբորդելու մասին խօսողներու թիւը ամէն օր կը շատնայ»,- ըսաւ ան, նշելով, որ «Հալէպէն հեռացողներուն պատկերը աւելի յստակ պիտի դառնայ յառաջիկայ վերամուտին»:

Ան այս առումով նշեց, որ տարբեր շրջանակներու մէջ եւս կը խօսուի այն մասին, որ գալիք դպրոցական տարեշրջանին Հալէպի հայկական վարժարանները իրենց դռները պիտի բանան աշակերտութեան աւելի նօսր թիւերով: Ան ըսաւ, որ «քաղաքի ցամաքային հիմնական Քասթէլոյի ճամբան հակառակ բաց ըլլալուն, բաւական դժուար եւ խորտ ու բորտ ճամբայ է ու այդ պատճառով քաղաքացիներ կը դժկամին իրենց սեփական ինքնաշարժներով այդ ճանապարհէն օգտուիլ»:

Մեր խօսակիցը նաեւ դիտել տուաւ, որ քիչ չէ թիւը այն քաղաքացիներուն, որոնք իրենց ինքնաշարժներոով կը հասնին մինչեւ Քասթէլոյի մերձ եղող «Ալ Նէրապ» ճանապարհը եւ հոնկէ կը նստին հանրային փոխադրամիջոցներ դուրս գալու համար Հալէպէն: Ինչ կը վերաբերի գետնի վրայ գրանցուող զինուորական գործողութիւններուն, ան նաեւ նշեց, որ անցնող օրերուն Հալէպի շուրջ եղող մարտերը կը շարունակուին մեծ թափով, նշելով նաեւ, որ բանակը յաջողած է մեծ մասամբ իր տիրապետութեան տակ առնել «Թիւ 1070 բնակարանային համալիր» անունով ճանչցուած հատուածը:

Մեր խօսակիցին համաձայն, Հալէպ կը շարունակէ զրկուած մնալ ելեքդրականութիւնէ եւ տեղի բնակիչներ վարժ ըլլալով այս վիճակին կը շարունակեն օգտուիլ  հոսանք հայթայթող եւ անհատական նախաձեռնութեամբ գործող շարժակներէ, որոնք տարբեր պատճառներու բերումով (շատ հաւանաբար վառելանիւթի սակաւութեան հետեւանքով) սկսած են պակսեցնել հոսանքի մատակարարման ժամերը:
«Արեւելք»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment