Պոլսոյ դատարանը Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով կալանաւորուած ռազմական ոստիկանութեան չորս աշխատակիցներ ազատ արձակած է: Անոնցմէ երկուքը լուսանկարուած էին սպանութեան անմիջական կատարողին՝ Օկիւն Սամասթին հետ, իրենց ձեռքերուն՝ Թուրքիոյ դրօշը :
«Hurriyet Daily News»ի փոխանցմամբ, 3 Օգոստոսին Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու գործերով դատարանի որոշմամբ ազատ արձակուած են կապիտան Մուրատ Պայարք, սերժանտներ Պիրոլ Ուսթաօղլու եւ Եուքսէլ Աւան, պաշտօնաթող փոխգնդապետ Աթիլա Կիւչլուօղլու: 2007-ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան ժամանակ անոնք բոլորը ծառայութեան մէջ էին Սամսուն նահանգ ի մէջ:
Տինքի սպանութեան գործով 85 կասկածեալ կայ, որոնցմէ 25-ը կալանքի տակ են, 10-ը կը հետախուզուին: Վերջին շրջանին Թուրքիոյ իշխանութիւնները կասկածեալներու շարքին մէջ ընդգրկեցին ԱՄՆ բնակող կրօնական գործիչ Ֆեթուլահ Կւլէնի շարք մը կողմնակիցներ եւ նաեւ անձամբ Կիւլէնը:
Յիշեցնենք, որ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինք խմբագրութեան շէնքին դիմաց սպաննուեցաւ 2007-ի Յունուարին: