Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՌՀ-ն Մտահոգուած Է Հանրայինի Եթերով Բռնութեան Ցուցադրմամբ

ՀՌՀ-ն Մտահոգուած Է Հանրայինի Եթերով Բռնութեան Ցուցադրմամբ

by MassisPost

Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովը մտահոգութիւն յայտնած է Հանրային հեռուստաընկերութեան «Մեծ բանավէճ» հաղորդման Նոյեմբեր 15-ի թողարկման կապակցութեամբ։

«Հաղորդման հեռարձակումը ընդհատուել է սեռական բնոյթի արտայայտութիւնների եւ ֆիզիքական բռնութեան ցուցադրմամբ, ընդ որում՝ այդ ամբողջ ընթացքը հեռարձակուել է առանց խմբագրումների»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ՝ ընդգծելով՝ բռնութիւնն ու վիրաւորանքը չեն կարող արդարացուիլ հաղորդման մասնակիցներու անձերով, քննարկման թէժութեամբ, դիտելիութիւն ապահովելու ձգտմամբ կամ ձեւական անաչառութեամբ։

ՀՌՀ-ի գնահատմամբ՝ Հանրային հեռարձակողը պարտաւոր է նման իրավիճակներու մէջ յարգել օրէնքի պահանջները, չբորբոքել լսարանի յոյզերը եւ զերծ մնալ եթերով բռնութեան օրինականացումէն։

Հանրայինի «Մեծ բանավէճ» հաղորդման վերջին թողարկման ընթացքին վիճաբանութիւն սկսած է լրագրող Բորիս Մուրազիի եւ քաղաքագէտ Յարութիւն Մկրտչեանի միջեւ։

Փոխադարձ վիրաւորանքներէ յետոյ անոնք հարուածներ հասցուցած են իրարու։ Հաղորդավարները ստիպուած եղած են ընդհատել քննարկումը, միջամտած են նաեւ անվտանգութեան աշխատակիցները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment