Թուրքիոյ ազգային «Turkish Airlines» ընկերութեան բեռնափոխադրումներու ծառայութիւնը՝ «Turkish Cargo»-ն իրականացուցած է առաջին թռիչքը Սթամպուլ-Երեւան-Սթամպուլ թռիչքով։ Նոյեմբեր 15-ին այդ մասին յայտնած է օդային հաղորդակցութեան հարցերով մասնագիտացած թրքական aeroportist կայքը։
«Տարածաշրջանային կառավարման եւ գործավար խումբի համակարգմամբ իրականացուած այս յատուկ թռիչքը կը շարունակէ ընդլայնել համաշխարհային լոկիսթիկ ցանցը՝ երկու երկիրներուն միջեւ ապահովելով արդիւնաւէտ եւ յուսալի փոխադրումներու լուծումներ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
2026-ի Մարտէն «Turkish Airlines»-ը կանոնաւոր ուղեւորափոխադրող թռիչքներ կ’իրականացնէ Սթամպուլ-Երեւան-Սթամպուլ ուղղութեամբ։
2023-ի Յունուարին Թուրքիան վերացուցած է ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու սահմանափակումները Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։ Համաձայնութիւնը իրականացուած է 2022-ի Յուլիս 1-ին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի ու Սերտար Քըլըչի հանդիպման բերումով։
Յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման շնորհիւ՝ շուրջ երկու տարուայ դադարէ յետոյ, վերականգուած են Հայաստան-Թուրքիա կանոնաւոր թռիչքները։ Անոնք 2022-ի Փետրուար 2-էն կ’իրականացնեն հայկական «FlyOne» եւ թրքական «Pegasus» ընկերութիւնները։

