Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս Եւրոխորհրդարանին մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին, քանի որ այն աւելի կը մօտենայ Դաշինքին։
Քոս նշած է, որ անդամակցութեան նախապատրաստման գործընթացին ԵՄ մօտեցումը կոչուած է թեկնածու երկիրներուն յստակ ազդանշան տալու. Պրիւքսէլը պատրաստ է սեփական պարտաւորութիւններով ամրապնդելու անոնց յառաջընթացը:
«Անդամակցութեան նախապատրաստական այս գործընթացի ծիրին մէջ մենք չենք խօսիր աջակցութեան յատուկ փաթեթներու մասին։ Սա մեծ ճանապարհային քարտէզ է Եւրոպական Միութեան համար՝ նախապատրաստուելու եւ թեկնածու երկիրներուն ազդանշան տալու, որ մենք պատրաստ ենք, եթէ անոնք յաղթահարեն, մենք ալ կը յաղթահարենք»,- ըսած է ան՝ յաւելելով. «մենք կ’աջակցինք նաեւ Հայաստանին»:
Ան յայտնած է, որ Հայաստանը ընդգրկուած է իր պատասխանատուութեան ոլորտին մէջ՝ որպէս Արեւելեան Գործընկերութեան հարցերով յանձնակատար։ «Երկիրը իսկապէս կը շարժի դէպի Եւրոպական Միութիւն»:
Քոս կարեւորած է Հայաստանի հետ ԵՄ համագործակցութիւնը վիզայի ազատականացման հարցով՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը ներկայիս միակ երկիրն է, որուն հետ ԵՄ-ն կը բանակցի նման գործընթացի շուրջ:
Ան նաեւ մատնանշած է ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող աջակցութիւնը առեւտուրի բազմազանեցման հարցով, յատկապէս՝ Ռուսաստան հայկական արտադրանքի արտահանման սահմանափակումներէն յետոյ։
«Մենք մեծ աջակցութիւն կը ցուցաբերենք, քանի որ Ռուսաստանը արգիլած է ձեր երկրէն ներմուծումը»,- ըսած է Քոս։
Անոր խօսքով՝ ԵՄ անդամ պետութիւններու եւ Եւրոխորհրդարանին աջակցութեամբ Միութիւնը ընդունած է առեւտրային ինքնավար միջոցառումներ, որոնք թոյլ կու տան Հայաստանին իր արտադրանքին մօտ 80%-ը արտահանել ԵՄ՝ առանց մաքսատուրքերու։
Քոս նաեւ նշած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման ուղղուած առանձին փաթեթին մասին. «եւ, ի հարկէ, գոյութիւն ունի յատուկ փաթեթ՝ երկրի տնտեսական զարգացման համար»:

