ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի նիստին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդամ պետութիւններ վարչապետերուն ներկայացուցած է Հայաստանի կողմէ կազմակերպությեան պիւտճէ կատարուած մուտքերը։ Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանը ԵԱՏՄ ընդհանուր պիւտճէ է մուտք ըրած է աւելի շատ միջոցներ, քան ստացած է։
«Սա ուղիղ ապացոյց է մեր պատասխանատու մօտեցմանը ԵԱՏՄ պարտաւորութիւններուն»,- ընդգծած է Փաշինեան։
Ան նաեւ ներկայացուցած է թուային տուեալներ, որոնք աւելի առարկայական ընդգծած են ԵԱՏՄ-ի մէջ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումն ու դերը կազմակերպութեան շրջանակին մէջ։
«2025թ.-ին Հայաստանը ԵԱՏՄ ընդհանուր մաքսային պիւտճէ է մուտք արել շուրջ 319 միլիոն տոլար, այն դէպքում, երբ Հայաստանի օգտին ընդհանուր միջոցները կազմել են շուրջ 170 միլիոն տոլար։ Այսպէս, Հայաստանը ԵԱՏՄ ընդհանուր պիւտճէ է մուտք արել աւելի շատ միջոցներ, քան ստացել է»,- ընդգծած է վարչապետը։
Հայաստանը կը հասկանայ, որ ԵԱՏՄ-ին եւ Եւրոմիութեան միաժամանակ անդամակցիլ հնարավոր չէ։ Անդրադառնալով Եւրոմիութեան անդամակցելու հարցին՝ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Միեւնոյն ժամանակ, հայ ժողովրդի առջեւ այսօր նման ընտրութեան հարց չի կանգնած, քանի որ Հայաստանը դեռ պատրաստ չէ Եւրոմիութեան անդամակցութեանը»։
Վարչապետին խօսքով, ՀՀ-ն ի գիտութիւն ընդունած է ԵԱՏՄ 4 երկիրներու յայտարարութիւնը՝ ԵՄ մտնելու հարցով հանրաքուէ կայացնելու վերաբերեալ։ «Չենք կարող հանրաքուէ անել հարցի շուրջ, որն այս պահին գոյութիւն չունի»,- նշած է ան:

