Իսրայէլի կառավարութիւնը անգամ մը եւս Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչումը օգտագործեց որպէս խաղաքարտ` Կազայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն որակող Անգարային հակազդելու համար:
Յունիսին, Իսրայէլի կառավարութիւնը արտաքին գործոց նախարարի նախաձեռնութեամբ, միաձայն հաւանութիւն տուաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու նախագիծին, որ նախարարին կողմէ նոյնիսկ բնութագրուեցաւ որպէս «պատմական ու բարոյական պարտականութիւն»: Սակայն, անբարոյականութիւնը յաղթեց բարոյականութեան ու նախագիծը նոյնիսկ չհասաւ Քնիսեթի կողմէ քննարկման եւ վաւերացման, այն պատճառաբանութեամբ, որ Խորհրդարանը աւարտած է իր աշխատանքները ու երկիրը կը պատրաստուի նոր ընտրութիւններու:
Իսրայէլեան մամուլին կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն, օրինագիծը ետ կանչելու որոշումը պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի կողմէ ամենաբարձր մակարդակով կատարուած ճնշումներով:
Առաջին անգամ չէ, որ Իսրայէլ ցեղասպանութեան ճանաչման թեման կը ճօճէ Անգարայի առջեւ ու ապա ետ կը կանգնի այդ քայլէն: Այստեղ կ’արժէ յիշեցնել մօտ տարի մը առաջ Իսրայէլի վարչապետ` Բենիամին Նեթանեահուի նման մէկ յայտարարութիւնը, երբ Հայկական ծագումով Ամերիկացի հաղորդավար Փաթրիք Պէթ Տէյվիտի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Նեթանեահուն պատասխանելով այն հարցի թէ ինչո՞ւ Իսրայէլի ոչ մէկ վարչապետ մինչեւ օրս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ան ըսած էր․ «Ահաւասիկ հիմա կ՛ըսեմ», այդ առթիւ ան նաեւ յայտնած է, թէ Իսրայէլի խորհրդարանը ընդունած է այդ փաստը: Նեթանեահուի կողմէ նման պայմաններու տակ ու նման ձեւով տրուած պատասխանը ընդունելի չեղաւ հայկական շրջանակներուն կողմէ: Նեթանեահուի այդ հարցազրոյցը նաեւ կը պարունակէր ապատեղեկութիւն: Իսրայէլի Քնիսէթը, ոչ մէկ ատեն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Բազմաթիւ անգամներ փորձ կատարուած է հարցը դնել խորհրդարանի քննարկման, սակայն կառավարութեան ճնշումին տակ դուրս հանուած է օրակարգէն, հակառակ որ, բազմաթիւ Հրեայ մտաւորականներ ու պատմաբաններ պահանջած են, որպէսզի Իսրայէլ պաշտօնապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը:
Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները հրապարակայնօրէն կը մնան լարուած ու Կազայի մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն բերումով ստացած են աւելի սուր բնոյթ: Թէեւ կողմերը մեղադրանքներ կը հնչեցնեն իրար հասցէին, սակայն կասկածներ կան, որ այդ բոլորը հանրային կարծիքը մոլորեցնելու համար են, իսկ իսկութեան մէջ Իսրայէլի ու Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները կը շարունակեն իրենց միջեւ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած գործակցութիւնը: Վերջին տարիներուն, այդ կապերը դարձած են եռակողմ եւ Պաքուն դարձած է անոր սիւներէն մէկը ու միջնորդ` Անգարայի եւ Երուսաղեմի միջեւ:
Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու նախագիծը Հայութեան կողմէ արժանացաւ գրեթէ ամբողջական անտեսումի: Հայաստան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ըսելիք չունի այդ մասի, իսկ սփիւռքեան ոչ մէկ կազմակերպութիւն չողջունեց զայն: Հետագայ զարգացումները եկան ցոյց տուին, թէ այդ մօտեցումը ճիշդ էր ու տեղին եւ մենք եկանք մերժելու, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը օգտագործուի Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ` իրենց քաղաքական հաշիւները մաքրելու համար: Նեթանեահուն ու իր երկիրը մխրճուած են այնպիսի ռազմական յանցագործութիւններու մէջ, որ աւելի լաւ է հեռու մնան մեզմէ: Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը արդէն իսկ Փաստ է ու Իսրայէլի կողմէ այդ թեմայի շահարկումը` դատապարտելի:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

