Յառաջիկայ Նոյեմբեր 3-ին, տեղի պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի կիսաշրջանի ընտրութիւնները, որմէ ետք կը սկսի նախագահ Տանոլտ Թրամփի պաշտօնավարման ետհաշուարկը: Այդ ընտրութիւններէն հարիւր օր առաջ սկսած է ուրուագծուիլ յաջորդ Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի հաւանական պատկերը, որ բաւական աննպաստ կը թուի ըլլալ Հանրապետական մեծամասնութեան համար: Անոնք ո’չ միայն կրնան կորսնցնել Ներկայացուցիչներու Տունը, այլ նաեւ Ծերակոյտը, որ մի քանի ամիս առաջ կը նկատուէր խիստ անհաւանական:
Ընտրական շրջանները առանձին-առանձին ուսումնասիրող վերլուծական ընկերութիւնները բոլորն ալ համակարծիք են, որ Հանրապետական Կուսակցութիւնը մեծ հաւանականութեամբ պիտի կորսնցնէ Ներկայացուցիչներու Տունը. հարցական կը մնայ թէ քանի աթոռ պիտի անցնի Հանրապետականներէն Դեմոկրատներուն:
Գալով Ծերակոյտին, հոն պատկերը աւելի պղտոր է: Ներկայիս Ծերակոյտի 100 տեղերը բաժնուած են 54-46` ի նպաստ Հանրապետականներու: Հետեւաբար, գալիք ընտրութիւններուն Դեմոկրատները պէտք ունին շրջելու առնուազն 5 աթոռ, այլապէս Սպիտակ Տունն ու Ծերակոյտը իրենց ձեռքերուն մէջ պահելով Հանրապետականները պիտի կարողանան պաշտպանել նախագահի ծրագիրները, որոնք այլապէս կրնան մատնուիլ ձախողութեան:
Հանրապետական կուսակցութեան ճակատագիրը մեծապէս կապուած է նախագահ Թրամփի վարկանիշի շարունակական անկումին հետ: Անոր գործունէութեան նկատմամբ դրական տրամադրուած են քաղաքացիներու 35-40 տոկոսը` ըստ տարբեր հարցախոյզերու: Դժգոհները աւելի մեծ տոկոս կը ներկայացնեն, գլխաւորաբար այն պատճառաւ, որ նախագահը չկարողացաւ իրականացնել իր նախընտրական խոստումներէն շատերը: Սղաճի կանխումը ու սպառողական ապրանքատեսակներու գիներու նուազեցումը գլխաւոր խոստումներէն մէկն էր, որ թրամփին վերադարձուց Սպիտակ Տուն: Ան խոստացած էր վերջ տալ պատերազմներուն ու գործել «Ամերիկան ամէն բանէ առաջ» սկզբունքով: Սակայն, ան ոչ միայն չկարողացաւ վերջ տալ ռուս-ուքրանական պատերազմին, այլ ինք նոր պատերազմ սկսաւ Իրանի դէմ` պատճառ դառնալով քարիւղի գիներու բարձրացումին: Թրամփի խոստումներէն գլխաւորն էր ոճիրներ գործած գաղթականներու արտաքսումը երկրէն: Սակայն, այդ ծրագիրը եւս դժգոհութեան ալիք յառաջացուց, երբ առանց դատական ընթացակարգերու դուրս դրուեցան տասնեակ տարիներ Ամերիկա ապրած ու հոս ընտանիք կազմած օրինապահ բնակիչներ: Այս պարագան մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց յատկապէս լատինական արմատներ ունեցող քաղաքացիներուն մօտ, որոնք մեծ թիւերով քուէարկած էին Թրամփին` նպաստելով անոր յաղթանակին:
Նախագահ Թրամփ արդէն իսկ սկսած է զգուշացնել իր կողմնակիցներուն, որ եթէ Դեմոկրատները գրաւեն Ներկայացուցիչներու Տունը զինք դարձեալ պիտի ենթարկեն պաշտօնազրկումի` «իմփիչմընթի»:
Այս օրերուն Թրամփ սկսած է խօսիլ ընտրական կեղծիքներու մասին` առանց փաստեր ներկայացնելու: Անցեալ շաբթուայ ընթացքին ան Սպիտակ Տունէն ժողովուրդին ուղղուած ճառ արտասանեց խօսելով 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն իր պարտութեան մասին: Ան կոչ ըրաւ իր կողմնակիցներուն, որպէսզի պահանջեն իրենց ներկայացուցիչներէն` վաւերացնելու «Ամերիկայի փրկութեան» օրինագիծը, որ ընտրութիւններուն մասնակցելու համար անհատական անձնագիրը ցոյց տալը պիտի դարձնէ պարտադիր: Թրամփ կը շարունակէ պնդել, որ քաղաքացի չեղող անհատներ կը մասնակցին քուէարկութեան, հակառակ որ նման երեւոյթները խիստ հազուադէպ են:
Քաղաքական շրջանակներու կարծիքով Թրամփ հող կը պատրաստէ սպասուող ընտրութիւններու արդիւնքները կասկածի տակ առնելու եւ կամ քուէատուփերը գրաւելու պատրուակ ունենալու համար:
Յառաջիկայ գոնկրէսական ընտրութիւններուն Ամերիկայի ժողովրդավարութիւնը պիտի ենթարկուի նոր փորձաքարի: Յուսանք, որ երկիրը նոր ցնցումներու չենթարկուիր ու Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութեան օրերուն Ազգային հաւաքականին շուրջ պարզուած միասնականութիւնը կը շարունակուի ապագային եւս:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

