Թռչնոց Բոյնի “Մայրիկը” Դանիացի Մարիա Ճէյքըպսըն՝ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է փրկելու եւ խնամելու հայ որբերը, թէ Խարբերդի եւ թէ ալ Ճըպէյլի մէջ։ Անոր կիսանդրին կը գտնուի Գալիֆորնիոյ Սոլվէնկ քաղաքի Դանիական եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ։
Ճէյքըպսընի Բարեկամներու Խմբակն ու Նոր Վերնատուն Մշակութային Միութիւնը կազմակերպած են ուխտագնացութիւն մը դէպի Սոլվէնկ՝ մասնաւոր հանդիսութեամբ մը յարգելու անոր յիշատակը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 26 Ապրիլ, 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ։
Օրուան հանդիսավարը պիտի ըլլայ Գէորգ Քէօշկէրեանը, իսկ յայտագրին պիտի մասնակցին հետեւեալ անձերը։
Վերապատուելի Ճօ Մաթոսեան, բացման խօսք եւ աղօթք Պետրոս Անսրեան, գլխաւոր բանախօս
Աստղիկ Թորոսեան, ասմունք
Տոքթ․ Վարդան Թաշճեան, սրտի խօսք Մարալ Բարսեղեան, մեներգ
Վերապատուելի Ճօ Մաթոսեան, փակման խօսք եւ աղօթք Յաւելեան տեղեկութեանց համար կարելի է հեռաձայնել։
Վերապատուելի Ճօ Մաթոսեանին, (818) 384-6885
Պետրոս Անսրեանին, (213) 880-0141

