Էսթոնիան պատրաստ է կիսուելու իր փորձով Հայաստանի հետ՝ աջակցելով հայկական ընկերութիւններուն նոր շուկաներու որոնման եւ Ռուսաստանէն տնտեսական կախուածութիւնը բազմազանելու գործընթացին մէջ։
ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտնեց Էսթոնիոյ արտաքին գործերու նախարար Մարկուս Ցահքնան՝ պատասխանելով հայկական առեւտուրին համար նոր շուկաներու որոնման վերաբերեալ հարցումին։
Ան նշեց, որ այդ ուղղութեամբ արդէն գործնական քայլեր կ’իրականացուին։
«Մենք գործնական սեմինար մեկնարկած ենք, որուն նպատակն է աջակցիլ ընկերութիւններուն՝ համաշխարհային շուկային մէջ նոր հնարաւորութիւններ բացայայտելու հարցով»,- ըսաւ ան։
Ցահքնան ընդգծեց, որ Էսթոնիան արդէն անցած է նման ճանապարհ՝ նուազեցնելով կախուածութիւնը ռուսական շուկայէն։
«Մենք շատ կախուած էինք ռուսական շուկայէն, բայց 1999 թուականի տնտեսական ճգնաժամէն յետոյ հասկցանք, որ կարելի չէ շատ մեծ կախուածութիւն ունենալ միայն մէկ շուկայէն»,- նշեց ան։
Անոր խօսքով՝ այդ փորձը ցոյց տուած է, որ նման կախուածութիւնը կրնայ լուրջ վտանգներ յառաջացնել առեւտուրին համար, ինչի հետեւանքով էսթոնական ընկերութիւնները սկսած են աշխուժօրէն դուրս գալ համաշխարհային շուկաներ։
Էսթոնիոյ արտաքին գործերու նախարարը նշեց, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցելու հայկական առեւտուրին՝ ինչպէս պետական, այնպէս ալ մասնաւոր հատուածի համագործակցութեան միջոցով։
«Մենք կրնանք բանալ դռներ ձեր առեւտուրներուն համար, բայց շատ կարեւոր է նաեւ շարունակական աշխատանքը այդ ուղղութեամբ»,- ըսաւ ան։
Ցահքնայի խօսքով՝ խօսքը միայն եւրոպական շուկաներուն մասին չէ, այլ աւելի լայն՝ համաշխարհային հնարաւորութիւններու։
«Մենք կը խօսինք համաշխարհային շուկաներու մասին, ուր կրնանք միասին աշխատիլ»,- ընդգծեց ան։
Ան նաեւ յաւելեց, որ Հայաստանը ներկայիս կ’անցնի կարեւոր տնտեսական փոփոխութիւններու փուլ, եւ առեւտրային ոլորտը այդ գործընթացի կարեւոր բաղադրիչներէն է։

