Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան եւ մետաղագործութեան ընկերակցութեան նախագահ Վարդան Ջհանեան յաջողած կը համարէ Ծաղկաձորի մէջ Հոկտեմբեր 4-ին աւարտած Mining Armenia Forum 2025 (MAF25) միջազգային համաժողովը, որ միտուած էր Հայաստանի հանքարդիւնաբերական ներուժի բացայայտման։ Այս մասին ան նշեց «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հետ զրոյցին՝ ազդարարելով նաեւ Հայաստանի մէջ պղինձի եւ մոլիպտենի արդիւնահանման վերաբերեալ գանատական ընկերութիւններէն մէկուն հետքրքրուածութեան մասին։ Այդ ընկերութիւնը պատրաստ է մինչեւ 5 միլիառ տոլար ներդնելու, եթէ հետախուզական աշխատանքները հաստատեն տուեալ վայրին մէջ բաւարար պաշարներու առկայութիւնը եւ արդիւնահանման տնտեսական նպատակայարմարութիւնը։
Նման համաժողովները Վարդան Ջհանեան կը կարեւորէ նախեւառաջ հանքաարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ դրական տեղաշարժին նպաստելու առումով։ Ան ընդգծեց, որ միջոցառման ընթացքին բարձրաձայնուեցան ոլորտի հիմնական խնդիրները եւ մարտահրաւէրները, ուրուագծուեցան զարգացման հեռանկարները։
«Համաժողովը ծառայեց հիմնական նպատակին՝ նպատել ոլորտի, դրանով իսկ՝ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացմանը։ Դատելով գործարար համայնքի եւ կառավարութեան ներկայացուցիչների հնչեցրած մօտեցումներից եւ տրամադրուածութիւնից՝ զարգացման միտումներն արդէն իսկ նկատելի են։ Յոյսով ենք, որ համաժողովը կը դառնայ աւանդական եւ ամէնամեայ»,- նշեց մեր զրուցակիցը։
Վարդան Ջհանեան կարեւոր կը համարէ նաեւ համաժողովի ընթացքին ծաւալած բաց եւ անկեղծ երկխօսութիւնը ամենատարբեր հարցերու շուրջ։

