Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «ՀԱՊԿ-ի Մէջ Հայաստանի Մասնակցութեան Սառեցումը Կը ՆշանակԷ Անոր Դիրքերու Թուլացում Հարաւային Կովկասի Մէջ». Կրիզլով

«ՀԱՊԿ-ի Մէջ Հայաստանի Մասնակցութեան Սառեցումը Կը ՆշանակԷ Անոր Դիրքերու Թուլացում Հարաւային Կովկասի Մէջ». Կրիզլով

by MassisPost

ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի մասնակցութեան սառեցումը չի կրնար լրջօրէն խաթարել կազմակերպութեան աշխատանքը, քանի որ այն կայուն է, բայց կը նշանակէ անոր դիրքերու թուլացում Հարաւային Կովկասի մէջ, յայտնած է Պելառուսի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Պորիս Կրիզլովը «Դաշնակիցներ. ՀԱՊԿ» պարբերականին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։

«Որեւէ քայլ, որ կրնար օտարել ՀԱՊԿ անդամ երկիրները իրարմէ, խորապէս սխալ է: Կազմակերպութեան շրջանակներուն մէջ ստեղծուած են գործուն մեխանիզմներ, որոնք թոյլ կու տան քննարկել եւ լուծումներ գտնել շարք մը հարցերու, նոյնիսկ եթէ անոնք առաջին հայեացքէն դժուարլուծելի կը թուին։ Չեմ կարծում, որ Երեւանի նման քայլը կրնար լրջօրէն խաթարել կազմակերպութեան աշխատանքը, քանի որ այն լիովին կայուն է»,- ըսած է Կրիզլովը։

Անոր խօսքով՝ հիմնական հարցը այն է, թէ այս պայմաններուն մէջ ինչպէս կառուցել նոյն ինքն Հայաստանի քաղաքականութիւնը, քանի որ Հարաւային Կովկասի մէջ Արեւմուտքի գործողութիւններն ու ծրագրերը ամենեւին ալ թելադրուած չեն այս տարածաշրջանի երկիրներու նկատմամբ մտահոգութեամբ։ Ուաշինկթընն ու Պրիւքսէլը կը ձգտին ոչ թէ կառուցողական համագործակցութեան, այլ տարածաշրջանի երկիրներու իրենց աշխարհաքաղաքական արկածախնդրութեան մէջ ներքաշման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment