Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովը այսօր հրաւիրած արտահերթ նստաշրջանին ընդունած է համաներում յայտարարելու մասին որոշումը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ համաներում յայտարարելու առաջարկը, յիշեցնենք, ներկայացուցած էր նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի մամլոյ ծառայութիւնը, նիստին ներկայ բոլոր 28 պատգամաւորները կողմ են քուէարկել որոշման, որ ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման պահուն:
Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի խօսնակ Աշոտ Ղուլեանը նշած է, որ հանրապետութեան յիշարժան յոբելեաններուն սովորաբար կը յայտարարուի համաներում, ու սոյն համաներման օրէնքը թիւ 6-րդն է եւ 4-ը՝ Հանրապետութեան հռչակման տօնի կապակցութեամբ:
«25-րդ տարեդարձը մեր անցած ճանապարհի լաւագոյն ամփոփումն է: Մենք բազմաթիւ դժուարութիւններ ու զրկանքներ կրած ենք այս մեծ ճանապարհին եւ բազում զոհողութիւններու գնով հասած՝ ներկայ իրողութիւններուն: Այս ամէնու գլխաւոր հերոսը Արցախի քաղաքացին է»,- յայտարարած է Ղուլեանը: