Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ժառանգութիւն»-ը կը Պահանջէ Ազատ Արձակել Բոլոր Քաղբանտարկեալները

«Ժառանգութիւն»-ը կը Պահանջէ Ազատ Արձակել Բոլոր Քաղբանտարկեալները

by MassisPost

«Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը այսօր յայտարարութեամբ հանդէս եկած է, ուր ողջունած է «իր  պատասխանատուներ ՝ Արմէն Մարտիրոսեանի, Դաւիթ Սանասարեանի եւ Յովսէփ Խուրշուդեանի այս շաբաթ մինչդատական ազատ արձակելու փաստը»: Այդուհանդերձ, ընդդիմադիր կուսակցութիւնը հարկ կը համարէ նշել, որ աքթիւիստ Անդրիաս Ղուկասեանը կը շարունակէ մնալ ճաղերու ետին:

«Բացի այդ, դատարանը ամբողջապէս չէ չեղարկած դատական գործերը, հակառակ, որ քաղաքացիները մասնակցած են Սահմանադրութեամբ լիազօրուած խաղաղ բողոքի   հաւաքներու , մեղադրող կողմը անոնց պարզապէս ազատ արձակած է գրաւի դիմաց՝ շարունակելով անոնց նկատմամբ հետապնդումը», – կ’ընդգծէ «Ժառանգութիւն»-ը՝ շարունակելով․ – «Մինչդեռ, ոստիկանութեան կողմէ ցուցաբերած դաժանութեան հարիւրաւոր դէպքեր կը մնան անպատիժ»:

«Ժառանգութիւն»-ը կը պահանջէ «հրաժարուիլ իր անդամներու դէմ ներկայացուած շինծու մեղադրանքներէ եւ ազատ արձակել բոլոր քաղբանտարկեալներուն, այդ շարքին նաեւ՝ Անդրիաս Ղուկասեանին»:

«Այս քաղաքական հետապնդումը ստիպեց «Ժառանգութեան» կասեցնել իր ընտրարշաւները Կիւմրի եւ Վանաձոր քաղաքներուն մէջ, ուր աւանդաբար կուսակցութիւնը ունեցած է էական աջակցութիւն», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, երէկ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է «Ժառանգութեան» վերջին կալանաւորուած անդամը՝ Յովսէփ Խուրշուդեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment