«Մասիս» Շաբաթաթերթի բաց քննարկումներու շարքին հերթական հիւրն էր քաղաքագէտ Լիլիթ Դալլաքեան, որ այցելութեամբ ժամանած էր Լոս Անճելըս:
Իրանահայ Միութեան գրադարանէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումը վարեց «Մասիս» Շաբաթաթերթի խմբագիր Գրիգոր Խոտանեան, որ նախ ներկայացուց Տիկ․ Դալլաքեանի կենսագրական հակիրճ գիծերը:
Լիլիթ Դալլաքեան աւարտած է ԵՊՀ իրաւագիտութեան բաժանմունքը` ստանալով պաքալաւրի աստիճան: Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարման ակադեմիային մէջ ուսանելէ ետք, ստացած է իրաւաբանական գիտութիւններու մագիստրոսի կոչում: Աշխատած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արդարադատութեան, Սփիւռքի եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններէն ներս:
Գերազանց յառաջադիմութեամբ աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցը` Եւրոպական Միութեան ուսուցման դասընթացի ծիրին մէջ:
Ապա աշխատանքի անցած է Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութեան մէջ` զբաղելով 2020 թուականի պատերազմէն տուժած բնակչութեան աջակցութեան ծրագիրներով: 2025-ին հիմնադրած է «Միտք» վերլուծական կեդրոնը: Անոր հետազօտական հիմնական բնագաւառներն են աշխարհաքաղաքական տարբեր կեդրոններու քաղաքականութիւնը, անոնց մրցակցութիւնը եւ մասնաւորաբար անոր ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի երկիրներուն վրայ:
Իր ելոյթի ընթացքին Տիկ․ Դալլաքեան նախ անդրադարձաւ Երեւանի մէջ գումարուելիք Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի գագաթաժողովին, յայտնելով թէ այդ շատ կարեւոր իրադարձութիւն է, որ պիտի բարձրացնէ Հայաստանի դերը տարածաշրջանէն ներս: Ժողովին նպատակը Եւրոպական Միութեան եւ գործընկեր պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացումն է եւ միտուած է անվտանգութեան ապահովման տարածաշրջանէն ներս: Եւրոպան նաեւ կ’աջակցի Հայաստանին Ռուսաստանի կողմէ եկող «հիպիրտային»` ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի շրջագիծէն ներս:
Յարգելի բանախօսը քննադատեց Քրեմլինի վարած ներկայ քաղաքականութիւնը Հայաստանի հանդէպ: Ան ըսաւ, թէ ինք չուզեր հակառուսաստան քարոզչութիւն ընել, բայց ներկայիս երբ աշխարհի տարածքին տեղի կ’ունենան վերադասաւորումներ, պէտք չէ Հայաստան կախեալ ըլլայ մէկ կեդրոնէ:
Խօսելով Թրամփի Ուղի (TRIPP) ծրագրի հեռանկարներուն` ԱմերիկաևԻրանեան պատերազմի լոյսին տակ, Տիկ. Դալլաքաեան յայտնեց, որ Իրանը եւ նաեւ Ռուսաստանը առաջին օրէն իսկ դրական չեն տրամադրուած այդ ծրագրին հանդէպ, մանաւանդ որ Ամերիկան աւելի պիտի մօտեցնէ իրենց սահմաններուն: «Այդ երկու երկիրները պիտի ընեն իրենց կարելին վիժեցնելու համար այդ ծրագիրի իրականացումը»:
Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման հաւանականութեան մասին Տիկ. Դալլաքեան յայտնեց, որ ինք համաձայն չէ այն կարծիքին հետ, որ Թուրքիան սահմանը չի բանար Ատրպէյճանի ճնշումներուն պատճառաւ: «Թուրքիան այդ պատճառաբանութիւնը կ’օգտագործէ սահմանը փակ պահելու համար: Թուրքիան ինքն է, որ չուզեր սահմանը բանալ, այդպիսով իր ազդեցութիւնը ուժեղացնելու համար Կովկասէն ներս»:
Վերջաւորութեան, Լիլիթ Դալլաքեան պատասխանեց ներկաներու շարք մը հարցումներուն:


