Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Յանուն Հանրապետութեան» Կուսակցութիւնը Հաստատած Է Նախընտրական Ցուցակի Առաջին 30 Թեկնածուները

«Յանուն Հանրապետութեան» Կուսակցութիւնը Հաստատած Է Նախընտրական Ցուցակի Առաջին 30 Թեկնածուները

by MassisPost

Տեղի ունեցած է «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան արտահերթ համագումարը, որուն ընթացքին հաստատուած են յառաջիկայ Ազգային Ժողովի հերթական ընտրութիւններուն կուսակցութեան պատգամաւորութեան թեկնածուներուն առաջին երեսուն անունները։

Ֆէյսպուքի իր էջով այս մասին գրած է կուսակցութեան նախագահ Արման Բաբաջանեանը։

Ցուցակը կը գլխաւորեն կուսակցութեան նախագահ Արման Բաբաջանեանը, կուսակցութեան փոխնախագահ Ռուբէն Մեհրաբեանը եւ անկուսակցական փաստաբան Լուսինէ Զէյնալեանը։

«Ցուցակում ընդգրկուած են նաեւ Գերագոյն խորհրդի պատգամաւոր Ազատ Արշակեանը, ազատամարտիկներ Վարդան Մալխասեանը եւ Վլատիմիր Առաքելեանը, առողջապահութեան նախկին փոխնախարար Թաթուլ Յակոբեանը, «Յանուն հանրապետութեան» կուսակցութեան վարչութեան անդամ Առնոլտ Բլէեանը, ինչպէս նաեւ հանրային եւ քաղաքական կեանքի մի շարք այլ յայտնի դէմքեր»,- գրած է Բաբաջանեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment