Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԲ-ով Յառաջացած Բովանդակութիւնը Հեռարձակելու Ատեն Պէտք Է Մակնշուի. Հայրապետեան

ԱԲ-ով Յառաջացած Բովանդակութիւնը Հեռարձակելու Ատեն Պէտք Է Մակնշուի. Հայրապետեան

by MassisPost

Տեսալսողական լրատուութեան ծառայութիւն մատուցող հեռարձակողները պարտաւոր պիտի ըլլան արհեստական բանականութեամբ կամ այլ թուային արհեստագիտական լուծումներով յառաջացած բովանդակութիւնը հեռարձակելու ատեն զայն համապատասխան ձեւով մակնշել։

Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին այս մասին յայտնեց բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը՝ ներկայացնելով «Տեսալսողական մետիայի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ նախատեսող նախագիծը։

Նախարարին խօսքով՝ կառավարութեան առաջարկած օրէնսդրական փոփոխութեան հիմնական նպատակը սինթետիկ կամ արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած հեռուստաբովանդակութեան նոյնականացումն է՝ այն լսարանի համար յստակ տեսանելի դարձնելու միջոցով։

«Կառավարութիւնը օրէնսդրական սոյն նախագծով առաջարկում է մի քանի լրացումներ կատարել «Տեսալսողական մետիայի մասին» օրէնքում, որի հիմնական էութիւնը կայանում է նրանում, որ մենք յետայսու՝ օրէնքի ընդունումից յետոյ, ակնկալելու ենք, որ տեսալսողական լրատուութեան ծառայութիւն մատուցող հեռարձակողները արհեստական բանականութեամբ յառաջացած կամ այլ թուային արհեստագիտական լուծումներով յառաջացած հեռուստաբովանդակութիւնը կամ սինթետիկ բովանդակութիւնը հեռարձակելու ատեն պարտադիր կերպով օրէնքի պարտադրանքով մակնշեն»,- ըսաւ Հայրապետեան։

Ան պարզաբանեց, որ խօսքը համապատասխան պիտակաւորումի մասին է, որուն միջոցով բովանդակութեան վրայ յստակ տեսանելի պիտի ըլլայ, որ այն ստեղծուած է արհեստական բանականութեան գործիքակազմով։

Նախարարը յաւելեց, որ օրէնքի ընդունումէն յետոյ անոր կատարման նկատմամբ վերահսկողութիւնը պիտի իրականացնէ Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովը, իսկ խախտումներու պարագային պիտի կիրառուի տուգանք՝ 300 հազար դրամի չափով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment