Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2026-ի Առաջին Եռամսեակին Հայաստանը Զբօսաշրջիկներու Այցելութեան Մրցանշային Ցուցանիշ Արձանագրած Է

2026-ի Առաջին Եռամսեակին Հայաստանը Զբօսաշրջիկներու Այցելութեան Մրցանշային Ցուցանիշ Արձանագրած Է

by MassisPost

Ընթացիկ տարուայ առաջին երեք ամիսներուն Հայաստան այցելած է 453.138 զբօսաշրջիկ․ այս ցուցանիշը 18,2 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուած ցուցանիշէն։

Ֆէյսպուքի իր էջով հրապարակած տեսանիւթով այս մասին յայտնած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան։

Պապոյեան նշած է, որ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ Հայաստանը շատ լաւ արդիւնքներ արձանագրած է:

«Մասնաւորապէս, այս տարուայ երեք ամիսներին Հայաստան է եկել 453.138 զբօսաշրջիկ։ Սա 18,2 տոկոսով կամ աւելի քան 70 հազար զբօսաշրջիկով աւելի է, քան նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը»,- մանրամասնած է տնտեսութեան նախարարը։

Գէորգ Պապոյեան մատնանշած է, որ սա Հայաստանի զբօսաշրջային վիճակագրութեան պատմութեան մէջ մրցանշային ցուցանիշ է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment