Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալիեւ. «Չեմ Տեսներ Լուրջ Խոչընդոտներ Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ստորագրման Համար»

Ալիեւ. «Չեմ Տեսներ Լուրջ Խոչընդոտներ Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ստորագրման Համար»

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահը Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար որեւէ լուրջ խոչընդոտ չի տեսներ. Իլհամ Ալիեւի խօսքով՝ հիմա, երբ «Ղարաբաղի խնդիրը փակ է», Երեւանե աւելի պատրաստ պիտի ըլլայ համաձայնութեան գալու:

«Կը կարծեմ՝ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի: Մենք կ’ուզենք, որ Հարաւային Կովկասը վտանգներէ զերծ ըլլայ, եւ, ի հարկէ, կ’ուզենք, որ Հայաստանը երբեք կասկածի տակ չդնէ մեր տարածքային ամբողջականութիւնը», յայտնած է Ալիեւը «Euronews»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ. այն նոյեմբեր 23-ին նկարահանուած է, սակայն նոր հեռարձակուած է։

Ծաւալուն հարցազրոյցին մէջ Ատրպէյճանի նախագահը շարք մը հարցերու կ’անդրադառնայ։ Իլհամ Ալիեւի խօսքով՝ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ երկու երկիրներուն միջեւ սկսած այդ գործընթացին հիմնական խոչընդոտը այն էր, որ Երեւանը կ’ուզէր խաղաղութեան պայմանագրին մէջ ներառել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն վերաբերող դրոյթ, Պաքուն, մինչդեռ, սա ներքին խնդիր համարած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment