Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Գրիգորեան Եւ Սըր Թիմ Պարոու Քննարկած Են ՀՀ-ՄԹ Ռազմավարական Երկխօսութեան Պաշտօնական Մեկնարկը

Արմէն Գրիգորեան Եւ Սըր Թիմ Պարոու Քննարկած Են ՀՀ-ՄԹ Ռազմավարական Երկխօսութեան Պաշտօնական Մեկնարկը

by MassisPost

Լոնտոն կատարած աշխատանքային այցին ընթացքին ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպած է Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Սըր Թիմ Պարոուին․ ֆէյսպուքի իր էջով գրած է Գրիգորեան։

«Զրուցակցիս հետ կարեւորել ենք ժողովրդավարական արժէքների վրայ հիմնուած հայ-բրիտանական յարաբերութիւնների զարգացման կայուն դինամիկան, ՀՀ-ՄԹ ռազմավարական երկխօսութեան պաշտօնական մեկնարկը՝ ընդգծելով, որ վերոնշեալը երկու երկրների պատրաստակամութեան ապացոյցն է առաւելագոյնս իրացնելու առկայ ներուժը:

Մտքեր ենք փոխանակել մեր տարածաշրջանում եւ ՀՀ-ի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակի վերաբերեալ: Ներկայացրել եմ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնների կարգաւորմանն ու խաղաղութեան հաստատմանն ուղղուած Հայաստանի ջանքերը», գրած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment