Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Արտաքին Անվտանգութեան Համակարգերը Արդիւնաւէտ Չեն. ՀՀ Վարչապետ

Մեր Արտաքին Անվտանգութեան Համակարգերը Արդիւնաւէտ Չեն. ՀՀ Վարչապետ

by MassisPost

«Վերջին տարիների Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի ձեռնարկած յարձակումները ակնյայտ եզրակացութեան են բերում, որ արտաքին անվտանգութեան այն համակարգերը, որոնցում ներգրաւուած ենք, արդիւնաւէտ չեն ՀՀ պետական շահերի եւ անվտանգութեան տեսակէտից», – ժողովուրդի յղած այսօրուայ ուղերձին մէջ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Յիշելով շարք մը իրադարձութիւններ, ինչպէս օրինակ` Խծաբերդի, Փառուխի դէպքերը, Արցախի բնակչութեան ահաբեկումը, ատրպէյճանական վերջին յարձակումը` ան յայտնեց, որ այս ամէնը լրջագոյն հարցեր կը բարձրացնեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան եւ նպատակներու մասին:

Ի հեճուկս 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան` Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը այսօր ալ կանգնած է ցեղային զտումներու վտանգի առջեւ, շեշտեց Հայաստանի վարչապետը: Ան յայտնեց, որ մարդասիրական բեռնէր մտած են Արցախ, սակայն այդ չի լուծեր եղած ճգնաժամը։

«Եթէ ԼՂ հայերի իրենց տներում ապրելու իրական պայմաններ եւ էթնիկ զտումներից պաշտպանութեան գործուն մեխանիզմներ չստեղծուեն, հաւանականութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերն իրենց կեանքն ու ինքնութիւնը փրկելու միակ միջոց կը տեսնեն հեռացումը իրենց հայրենիքից, չափազանց մեծանում է։ Իրադարձութիւնների նման զարգացման պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ կ’ընկնի էթնիկ զտումների քաղաքականութիւնը որդեգրած Ատրպէյճանի եւ ԼՂ-ում ՌԴ խաղաղապահ զօրախմբի վրայ», – ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով որ« իր  կառավարութիւնը միջազգային գործընկերներու հետ կ’աշխատի Արցախի Հայերու իրաւունքներու ու անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ միջազգային գործընթացներու ձեւաւորման վրայ:

«Բայց եթէ այդ ջանքերը կոնկրետ արդիւնքներ չտան, կառավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մեր քոյրերին եւ եղբայրներին ամենայն հոգատարութեամբ կ’ընդունի ՀՀ», – ըսաւ Փաշինեան շեշտելով, սակայն, որ այդպիսով հարցերը աւելի կը սրուին:

Փաշինեան  ըսաւ որ, դաշնակիցներու վարած այս քաղաքականութիւնը կապ չունի 2018-ին յեղափոխութեամբ հաստատուած կառավարութեան հետ, այդ քաղաքականութեան դրսեւորումները եղած են նաեւ անցեալին: Ան մեղադրեց այդ գործընկերներուն դիւանագիտական, միջպետական յարաբերութիւններու, էթիկայի, կոռեկտութեան բոլոր նորմերը անցնելու, ընդհուպ պայմանագրերով ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ:

«Կոչ ենք անում եւ յորդորում ենք մեր գործընկերներին յարգել մեր պետութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը եւ մեր վճռական կամքն ենք արտայայտում` ուժեղացնելու մեր պետականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, արտաքին եւ ներքին անվտանգութիւնը, միջազգային հանրութեանը կոչ ենք անում անսասան աջակցութիւն յայտնել Հայաստանի անկախութեանը, ինքնիշխանությեանը, տարածքային ամբողջականութեանն ու ժողովրդավարութեանը», – ըսաւ վարչապետը`  անհրաժեշտ նկատելով ամրացնել, վերափոխել, լրացնել ՀՀ արտաքին ու ներքին անվտանգութեան գործիքները` համագործակցելով փոխշահաւէտ քայլերու պատրաստ բոլոր գործընկերներու հետ:

Խօսելով նաեւ Հռոմի Ուխտի վաւերացման մասին Փաշինեան կրկնեց որ,  այդ որոշումը ուղղուած չէ Ռուսաստանի դէմ:

«Վերջին տարիներին եւ այսօր էլ մեզ հետ տեղի ունեցող իրադարձութիւնների խորքային իմաստը հէնց սա է` Հայաստանը լինելու է ինքնիշխան, ազատ, ժողովրդավարական պետութիւ՞ն, թ՞է վախուորած ծայրագաւառ», – ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պէտք է երթալ ՀՀ անկախութեան պաշտպանութեան շարժման ետեւէն` իմանալով, որ հեշտ պիտի չըլայ այդ, բայց անպայման պիտի ըլլայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment