Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթընի Մէջ Պիտի Կայանայ Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով Հանդիպում

Ուաշինկթընի Մէջ Պիտի Կայանայ Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով Հանդիպում

by MassisPost

Յառաջիկայ օրերուն Ուաշինկթընի մէջ պիտի կայանայ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը:

«Մի քանի օրից մեկնելու եմ Ուաշինկթըն, որտեղ կը հանդիպեմ ԱՄՆ պետական քարտուղար Պլինքընի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Պայրամովի հետ», յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Երկու օր առաջ ճեպազրոյցին մէջ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս յայտնած է, որ պաշտօնական Ուաշինկթընը պիտի շարունակէ ներգրաւուած մնալ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացին մէջ, եւ յիշեցուցած է պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնած հանդիպումը Նիւ Եորքի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment