Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-թրքական Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ Յառաջընթաց Կայ

Հայ-թրքական Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ Յառաջընթաց Կայ

Միրզոյեան Յոյս Յայտնեց, Որ Մօտ Ապագային Պիտի Ըլլան Դրական Արդիւնքներ

by MassisPost

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթաց կայ, խօսակցութիւնը կը շարունակուի:  Այս մասին յայտնեց ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին` 2023 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման` անդրադառնալով պատգամաւորներու հարցումներուն:

«Հանրայայտ է, որ գործընթացն առանց նախապայմանների է եւ, միեւնոյն ժամանակ, թուրքական կողմն անընդհատ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման հետ է կապում, որը, ինչ-որ առումով ինքնին մի քիչ նախապայման է յիշեցնում: Այնուամենայնիւ, այս յայտարարութիւններին զուգահեռ շատ յստակ քննարկումներ են ընթանում, առաջին հերթին` յատուկ ներկայացուցիչների մակարդակում, բայց նաեւ այդ մակարդակից դուրս` մասնագիտական որոշակի ներգրաւուածութեամբ», ըսաւ Միրզոյեան:

Արտաքին գործերու նախարարը յայտնեց, որ խօսակցութիւնը քանի մը յստակ քայլերու մասին է, այդ շարքին` դիւանագիտական անձնագրեր ունեցող անձերու համար սահմանի բացման, ինչպէս նաեւ` երրորդ երկիրներու քաղաքացներու համար սահմանի բացման վերաբերեալ:

«Կարող եմ ասել, որ յառաջընթաց կայ, խօսակցութիւնը շարունակւում է: Եւ կարող եմ ասել նաեւ, որ ակնկալում եմ ու յոյս ունեմ, որ դրական արդիւնքներ կը լինեն մօտ ապագայում», եզրափակեց Միրզոյեան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment