Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Իրանի ԱԳՆ.- «Թոյլ Չենք Տար, որ Հայ-Ատրպէյճանական Հակամարտութիւնը Վնասէ Սահմանային Տարածքներու Մեր Բնակչութեան»

Իրանի ԱԳՆ.- «Թոյլ Չենք Տար, որ Հայ-Ատրպէյճանական Հակամարտութիւնը Վնասէ Սահմանային Տարածքներու Մեր Բնակչութեան»

by MassisPost

Իրան կոչ կ’ուղղէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու դիմելու: Նման յայտարարութեամբ Թեհրանի մէջ լրագրողներու հետ ամենշաբաթեայ հանդիպման ընթացքին հանդէս եկած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Պահրամ Քասեմի:

«Մենք հիւսիսէն երկու հարեւաններ ունինք: Ունինք Ատրպէյճանը, որ իսկապէս կարեւոր է մեզի համար, մենք լաւ յարաբերութիւններ ունեցած ենք այդ երկրին հետ: Հայաստանի հետ նոյնպէս ունինք բարեկամական եւ սերտ բարի-դրացիական յարաբերութիւններ: Հակամարտութիւնը, անոնց տեսակէտներու տարբերութիւնները Ղարաբաղեան հարցի շուրջ արդէն երկար ժամանակ է, որ գոյութիւն ունին, եւ ժամանակ առ ժամանակ լարուածութիւնը կ’աճի: Մենք յոյսով ենք, որ անոնք պիտի կարողանան յաղթահարել այն խնդիրները, որոնց հետ կ’առերեսուին այդ տարածաշրջանին մէջ», նշած է Պահրամ Քասեմի:

Իրանի ԱԳՆ խօսնակը յոյս յայտնած է, որ Հայաստան ու Ատրպէյճան պիտի կարողանան օժանդակել տարածաշրջանի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման: Անոր խօսքով, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կրնան ազդեցութիւն ունենալ աւելի լայն տարածաշրջանի վրայ:

«Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք տարածաշրջանի զարգացումներուն, յատկապէս մեր սահմանային հատուածներուն մէջ: Մենք կը հետեւինք մեր սահմաններուն եւ թոյլ չենք տար, որ հակամարտութիւնը վնասէ սահմանային տարածքներու մեր բնակչութեան»,- ընդգծած է Քասեմի:

Ան նշած է նաեւ, որ այս խնդիրին մէջ մշտապէս եղած է նաեւ այլ ուժերու միջամտութեան հետ կապուած մտահոգութիւնը:

«Երկու երկիրներուն հետ ալ մենք շարունակաբար բանակցած ենք, տեսակէտներ փոխանակած ենք, եւ յոյսով ենք, որ ի վերջոյ դիւանագիտութիւնն ու երկխօսութիւնը պիտի գերակայեն այլ մօտեցումներու եւ մեթոտներու նկատմամբ»,- ամփոփած է Իրանի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մամլոյ խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment