Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ֆրանսայի Դեսպան. Նոր Համաձայնագրի Ստորագրման Պարագային կը Բարելաւուի Հայաստան-Եւրոմիութիւն Գործարար Մթնոլորտը

Ֆրանսայի Դեսպան. Նոր Համաձայնագրի Ստորագրման Պարագային կը Բարելաւուի Հայաստան-Եւրոմիութիւն Գործարար Մթնոլորտը

by MassisPost

Հայաստան-Եւրոմիութիւն նախաստորագրուած  նոր համաձայնագրի ստորագրման պարագային Հայաստանի համար պիտի բացուին նոր հնարաւորութիւններ: «Արմէնբրէս»ի հաղորդմամբ, 13 Յուլիսին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին  յայտնեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ:

«Համաձայնագրի կենսագործումը կը ներառնէ տնտեսական համագործակցութեան  շարք մը ուղիներ՝ գիւղատնտեսութիւն, երթեւեկութիւն, առողջապահութիւն եւ այլն։ Նախաստորագրուած պայմանագրին մէջ կան նաեւ դրոյթներ, որոնք կը վերաբերին ծառայութիւններու մատուցման, բան մը, որ առեւտրական առումով խիստ կարեւոր է։ Կան նաեւ բազմաթիւ տնտեսական պայմանագրային դրոյթներ, որոնք կը միտին աւելի բարելաւել գործարար մթնոլորտը ԵՄ եւ Հայաստանի միջեւ»,- յայտնեց Շարփանտթիէ:

21 Մարտին նախաստորագրուած է ՀՀ-ԵՄ նոր համաձայնագիրը: ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան վստահութիւն յայտնած է, որ փաստաթուղթը նոր էջ պիտի բանայ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան ու անոր անդամ երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

10 Յուլիսին Էդուարդ Նալբանդեան Քիշնեւի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման ժամանակ նշած է, որ ԵՄ-Հայաստան համաձայնագիրը նախատեսուած է ստորագրել  2017 թուականի Նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment