Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սասնայ Ծռեր» Խումբի Անդամները Պնդած են որ Ծեծի Ենթարկուած են Ոստիկաններու Կողմէ

«Սասնայ Ծռեր» Խումբի Անդամները Պնդած են որ Ծեծի Ենթարկուած են Ոստիկաններու Կողմէ

by MassisPost

Ոստիկանութեան պարեկապահակէտային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքը գրաւելու մէջ մեղադրուող «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի անդամները պնդած են, որ երէկ դատարանի նկուղին մէջ ծեծի ենթարկուած են ոստիկաններու կողմէ։ Անոնք այս մասին ահազանգած են փաստաբաններուն Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն բանտ տեղափոխուելէ ետք։

Ինչպէս պնդած են փաստաբանները, ոստիկանները 10-15 հոգիով ծեծի ենթարկած են «Միայնակ Գայլ» մականունով յայտնի Արայիկ Խանդոյեանին, Արեգ Կիւրեղյժեանին, Մխիթար Աւետիսեանին եւ Գագիկ Եղիազարեանին։

Արայիկ Խանդոյեանի փաստաբանը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած է Գլխաւոր դատախազութիւն։

Փաստաբան Արայիկ Պապիկեանը հինգշաբթի վաղ առաւօտեան այցելած էր Խանդոյեանին։ Նուպարաշէնի բանտի բակին մէջ ան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին պատմած է պաշտպանեալի հետ զրոյցի մանրամասները․ – «Խանդոյեան Արայիկը, իսկապէս, բռնութեան է ենթարկուել, խոշտանգուել է՝ ամենադաժան ու ամենաանմարդկային ձեւով: Նրան դատարանի շէնքում՝ այն խցում, որտեղ եղել է, մօտաւորապէս 15 մարդ դաժանաբար ծեծի են ենթարկել, ընդ որում, քանի որ խուցը փոքր է եղել, հերթ են կանգնել՝ հերթով են մտել ծեծելու»:

Գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարած է, որ կատարուածի վերաբերեալ նիւթեր ուղարկած են Յատուկ քննչական ծառայութիւն՝ պատշաճ քննութեամբ նշուած հանգամանքները ստուգելու եւ իրաւական գնահատական տալու համար։

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի ներկայացուցիչները գիշերը  այցելած են քրէակատարողական հիմնարկներ, տեսակցած «Սասնայ ծռեր»ու անդամներուն հետ։ ՄԻՊ գրասենեակը հաղորդած է, որ արձանագրած են վնասուածքներ, որ նշուած բոլոր տեղեկութիւնները կը պարունակեն յանցագործութեան առերեւոյթ յատկանիշներ, եւ անհրաժեշտ է անյապաղ քննել կատարուածը:

Ոստիկանութեան մամլոյ քարտուղար Աշոտ Ահարոնեանը ի պատասխան «Ազատութեան» հարցին, թէ ինչ պարզաբանում կրնայ տալ ոստիկաններու հասցէին հնչած այս մեղադրանքներուն, ըսած է միայն, որ պաշտօնեայի կողմէ ծեծի դէպքը իրենց վարոյթին մէջ չի կրնար քննուիլ։

Խանդոյեանի եւ Կիւրեղեանի փաստաբանները ըսած են, որ դատարանէն բանտ վերադարձի ժամանակ բանտի ղեկավարութիւնը արձանագրած է «Սասնայ ծռեր»ու ծեծուած անդամներու վնասուածքները եւ կազմած արձանագրութիւններ։ Դիմած են բանտի ղեկավարութեան՝ անոնց պատճէնները ստանալու համար։

Փաստաբանի հետ տեսակցած «Սասնայ ծռերու» անդամը պատմած է ծեծի պատճառներու մասին։ «Պատճառը նա է եղել, որ երբ Արեգին Կիւրեղեան եւ Մխիթարին ծեծելով բերել են՝ ուղղակի, չեմ ուզենայ էս բառը ասեմ, բայց՝ նշելով, ինքը բարձրաձայնել է՝ «ի՞նչ էք անում», ոչինչ չի եղել նախադրեալ, որ իր նկատմամբ եւս, եւ այդ մարդիկ շարունակել են իր հետ», – Խանդոյեանի պատմածը փոխանցած է Պապիկեանը:

«Սասնայ ծռեր»ու անդամ Գագիկ Եղիազարեանի փաստաբան Տիգրան Եկորեանը պնդած է՝ ծեծի ենթարկուած իր պաշտպանեալին բանտին մէջ միայն ցաւազրկող տուած են: Փաստաբանը այսօր Նուպարաշէնի բանտին մէջ տեսակցած է Եղիազարեանին հետ․ – «Բաւական շատ մարմնական վնասուածքներ ունի․ բազմաթիւ հարուածներ է ստացել ինչպէս գլխի շրջանում, այնպէս էլ մարմնի գրեթէ բոլոր հատուածներում: Նրան նաեւ շարունակել են ծեծել, երբ նրան գետին են տապալել, այնուհետեւ նրա ձեռքերին ձեռնաշղթաներ են ամրացրել եւ շարունակել են այդպէս ծեծել: Մի խօսքով, բաւական բարդ է վիճակը: բժշկական օգնութիւն, ըստ էութեան, ստացել է ցաւազրկողի տեսքով: Արդէն պէտք է ակնկալել գործողութիւններ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment