Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Կառավարութեանը Հաւանութիւն Տուած է Հնգամեայ Նոր Ծրագիրին

Հայաստանի Կառավարութեանը Հաւանութիւն Տուած է Հնգամեայ Նոր Ծրագիրին

by MassisPost

Երէկ տեղի ունեցած է կառավարութեան արտահերթ նիստը, որու ընթացքին գործադիրը հաւանութիւն տուած է կառավարութեան ծրագիրին։

Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջի, կառավարութեան՝ 2017-2022 թուականներու Հայաստանի կայուն զարգացումը երաշխաւորող գործունէութեան ծրագիրը ներկայացուցած է փոխվարչապետ, Միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը։

Կառավարութեան ծրագիրի տեսլականը հիմնուած է անվտանգ, արդար, ազատ եւ խելացի Հայաստան ունենալու սկզբունքի վրայ։ Վաչէ Գաբրիէլեանի խօսքով՝ իւրաքանչիւր բաժինի մէջ նշուած են նախորդ 9 ամիսներուն կառավարութեան կողմէ իրականացուած ախտորոշման արդիւնքով բացայայտուած խնդիրները եւ անոնց առարկայական լուծումները: Յստակ ամրագրուած են այն առաջնահերթութիւնները եւ տեսլականը, որ կառավարութիւնը ունի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ, այն է՝ ազատ, անկախ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի խորացող կապը եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը՝ որպէս տնտեսական զարգացման գրաւական:

Ծրագիրը բաղկացած է 4 հիմնական բաժնէ՝ պետական կառավարման եւ իրաւական համակարգ, արտաքին քաղաքականութիւն եւ պաշտպանութիւն, տնտեսութեան առաջընթաց եւ ընկերային ոլորտ:
«Կարծում եմ՝ կառավարութեան ծրագիրը բաւական յաւակնոտ խնդիրներ է դրել իր առջեւ: Մենք ֆիքսել ենք, թէ ինչ նպատակի ենք ցանկանում հասնել ե՛ւ տնտեսութեան, ե՛ւ գործազրկութեան, ե՛ւ նուազագոյն աշխատավարձի, ե՛ւ արտահանման ծաւալների, ինչպէս նաեւ հարկեր-ՀՆԱ յարաբերակցութեան առումով», – անդրադառնալով ծրագիրին՝ ըսած է վարչապետը:

Կառավարութեան ծրագիրը պիտի ներկայացուի Ազգային ժողով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment