Home ՍՓԻՒՌՔ Սփիւռքի Երրորդ «Ուիքի Ճամբար»ը Ֆրանսայի մէջ

Սփիւռքի Երրորդ «Ուիքի Ճամբար»ը Ֆրանսայի մէջ

by MassisPost

Սփիւռքի երրորդ « Ուիքի Ճամբար » ը այս տարի տեղի պիտի ունենայ ֆրանսայի մէջ։

Ճամբարը պիտի կազմակերպուի Լա Պուրպուլ (La Bourboule) գ իւղաքաղաքի “Gîte François et Suzon” երիտասարդական կայանի մը սահմաններէն ներս , Օգոստոս 12 էն մինչեւ Օգոստոս 20։ Ութը օրուան ընթացքին , մասնակիցները ո՛չմիայն   զիրենք հետաքրքրող նիւթերու շուրջ արեւմտահայերէն յօդուածներ գրելու առիթը պիտի ունենան , այլեւ բազմաթիւ բացօթեայ մարզախաղերու պիտի մասնակցին։ Առաւել եւս՝ Միջին Արեւելքէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւԵւրոպայի չորս ծագերէն ժամանած նոր բարեկամներու պիտի հանդիպին եւ յիշատակելի շաբաթ մը պիտի անցնեն միասնաբար։

Նախանցեալ տարի՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը եւ «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութիւնը միասնաբար սկսան Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէն «Ուիքի Ճամբար» ձեռնարկը։ Արեւմտահայերէնով առաջին «Ուիքի Ճամբար»ը տեղի ունեցաւ 2015ի Օգոստոս 3էն մինչեւ Օգոստոս 12, Պէյրութի մէջ, աւելի քան վաթսուն մասնակիցներով (աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներ)։ Իսկ երկրորդ «Ուիքի Ճամբար»ը տեղի ունեցաւ 2016ի Օգոստոս 17էն մինչեւ Օգոստոս 26, Քատավալի (Լիզպոն) մէջ, աւելի քան 58 մասնակիցներով (աշակերտներ, ուսուցիչներ)։ Ճամբարի ընթացքին, աշակերտները առիթը ունեցան իրենց կարողութիւնն ու ինքնավստահութիւնը զարգացնելու թէ՛ «Ուիքիփետիա»յի յօդուածներ գրելով ու խմբագրելով եւ թէ՛ արեւմտեան լեզուներէ յօդուածներ թարգմանելով։ 2015ի սկիզբը, «Ուիքիփետիա»ն արեւմտահայերէն 650 յօդուած ունէր։ Տարի մը ետք՝ 2016ի սկիզբը, այդ թիւը բարձրացած էր 3546ի։ Իսկ 2017ի սկիզբը, այդ թիւը բարձրացած է 5565ի։ Այս նկատելի աճումին գլխաւոր պատճառը պատանիներու համար կազմակերպուած «Ուիքի Ճամբար»ը եղաւ, որ բորորին համար հաճելի, խանդավառ եւ աշխատունակ մթնոլորտ մը ստեղծեց։

Ֆրանսայի ճամբարը ուղղուած է 16-էն 25 տարեկան երիտասարդներու։ Հետաքրքրուող անձերը պէտք է «Ուիքի Ճամբար Ֆրանսա» հարցաթերթիկը ամբողջացնեն եւ ներկայացնեն մինչեւ Ապրիլ 10 ։ Տրամադրելի տեղերու թիւը սահմանափակ է եւ կ՚ակնալենք, որ շատ դիմողներ պիտի ըլլան։

Ֆրանսայի «Ուիքի Ճամբար»ին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու եւ «Ուիքի ճամբար 2016» տեսերիզը դիտելու համար, հաճեցէք այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը:

 

pt/armenian-communities/ կայքէջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment