Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՄԵՐ ԱՆԿԻՒՆԷՆ Խօսքէն Գործի Անցնելու Ժամանակը

Խօսքէն Գործի Անցնելու Ժամանակը

by MassisPost

Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը յայտարարեց, որ պիտի չկարողանայ գործադրութեան դնել Ընտրական Օրէնսգրքով նախատեսուած փոփոխութիւնները` «Տեխնիկական» պատճառներով: իշխանութեան, ընդդիմադրութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու միջեւ, ամիսներու վրայ երկարող բանակցութիւններէ ետք գոյացած էր համաձայնութիւն` 2017-ի Մայիսին նախատեսուած  խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին նոր միջոցներու օգտագործման ուղղութեամբ:

Վերջին քսան տարիներուն Հայաստանի մէջ կազմակերպուած  բոլոր ընտրութիւնները յատկանշուած են լայնածաւալ կեղծիքներով, իսկ  յայտարարուած արդիւնքներուն դէմ ժողովուրդի դժգոհութիւնը  դրսեւորուած է բողոքի ցոյցերով եւ իշխանութիւններու  օրինականութեան  մերժումով:

Երկար ժամանակէ ի վեր ընդդիմութիւնը կը պահանջէ,   քուէարկութեան մասնակցած քաղաքացիներու անուանացանկերու հրապարակումը, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել  երկրէն  արտագաղթածներու փոխարէն տեղի ունեցող քուէարկութիւնները:

Մինչեւ այժմ իշխանութիւնները յամառօրէն  կը մերժեն  ցուցակներու հրապարակումը: Տրուած պատճառաբանութիւնը միշտ նոյնն է. ցուցակներու հրապարակումը  անհատի գաղտնիութեան իրաւունքի խախտում կը նկատուի, հակառակ որ,   ժողովրդավարական շատ մը  երկիրներու մէջ կիրառուող պարագայ մըն է:

Այս սկզբունքային մերժումին կառչած մնալով, իշխանութիւնները առաջարկեցին կիրառել  ընտրական քարտերու եւ բոլոր տասը մատներու մատնահետքերու օգտագործումը, պայմանաւ որ  նախատեսուած 16 միլիոն եւրոյի ծախսերուն համար գումար ապահովուի:

Այժմ, երբ եւրոպական կառոյցները պատրաստակամութիւն յայտնած են տրամադրելու այդ գումարը, իշխանութիւնները նոր հնարքներու դիմելով կը խախտեն նախկին պայմանաւորուածութիւնները:

«Սասնայ  Ծռերու» խումբի կողմէ զինեալ միջոցներու օգտագործումը դատապարտող եւ միմիայն քուէատուփերու  միջոցաւ փոփոխութիւններու հասնելու մասին խրատներ տուող իշխանութիւնները, նախ եւ առաջ պէտք է ապահովեն   ընտրական գործընթացի թափանցիկութիւնը ու այդ ընելու համար անհրաժեշտ է խօսքէն անցնիլ գործի:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment