Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կազանի Փաստաթուղթի Խայտառակութիւնը

Կազանի Փաստաթուղթի Խայտառակութիւնը

by MassisPost

Օրերս հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը հրապարակած է ղարաբաղեան կարգաւորման 2011 թուականի Կազանի փաստաթուղթը, զոր գրեթէ ոչ մէկ բանով կը տարբերի մի քանի ամիս առաջ ռուսական ԶԼՄ-ներուն մէջ հրապարկուած տարբերակէն: Խօսքն առաջին փուլին 5 շրջաններու՝  Աղդամի, Ֆիզուլիի, Ճեպրայիլի, Զանգելանի, Ղուբաթլուի վերադարձի, իսկ յետագային Քելբաջարի  ու Լաչինի՝  ոչ միջանցքային, հատուածները վերադարձնելու մասին է: Ղարաբաղը կը ստանայ միջանկեալ կարգավիճակ, բախումի գօտիի կը մատնուին խաղաղապահներ, իսկ աւելի ուշ Ղարաբաղի կարգավիճակը հանրաքուէով կը ճշդուի:

Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ իշխանութիւնները կրնան ունենալ դիտորդի կարգավիճակ ԵԱՀԿ այն նստաշրջաններէն ներս, ուր կը քննարկուին անմիջականօրէն Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող հարցեր: Լեռնային Ղարաբաղն իրաւունք կ՛ունենայ ստանալ արտասահմանեան երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ֆինանսական օժանդակութիւն՝ պայմանով, որ այդ օժանդակութիւնը նախատեսուած ըլլայ մարդու իրաւունքներու, խաղաղ տնտեսական եւ ժողովրդավարական զարգացման, մշակութային եւ առեւտրային կապերու համար կամ հիմնական մարդասիրական պահանջներու բավարարման: Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական վերջնական կարգավիճակը կ՛որոշուի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ազատ արտայայտութեան միջոցով:

Քուէարկութեան ժամկէտներն ու մանրամասները կողմերը կը համակարգեն՝ ապագային տեղի ունենալիք բանակցութիւններով:

Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւն ըսելով կը հասկանաք 1988 թոուականին ազգային համեմատութիւնով ԼՂԻՄ-ի մէջ ապրող բոլոր ազգերը այնպիսի էթնիկ համամասնութեամբ, ինչպէս եղած է մինչեւ հակամարտութեան սկիզբը:

Քուէարկութեան ժամանակ ապագայ կարգավիճակի հարցին կամ հարցերուն ձեւակերպման սահմանափակում պիտի չըլլայ եւ կարելի է թոյլ տալ իւրաքանչիւր կարգավիճակի հնարաւորութիւն:

Լաչինի միջանցք Համաձայնուած լայնքի միջանցքը պէտք է Լեռնային Ղարաբաղը կապէ Հայաստանի հետ: Մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշումը, այդ միջանցքը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի ժամանակաւոր իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ: Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշումէն ետք, միջանցքի օգտագործման գործընթացը կը կարգաւորուի`հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակը: Փախստականները եւ բոլոր ներքին տեղահանուած անձերը ունին կամաւոր վերադարձի իրաւունք այն պահէն, երբ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով Գերագոյն յանձնակատարը կը յայտարարէ, որ նախկին բնակավայրի անվտանգութիւնն ապահովուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment