ՏՕՔԹ. ԱՐՇԱԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
“ՄԱՍԻՍ” Շաբաթաթերթ

Մինչ կը սպասուէր ՄԱԿի գլխաւոր նստաշրջանի կայացումը Նիւ Եորք, ուր ներկայ պիտի գտնուէր եւ ելոյթ ունենար Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգիսեան` Գալիֆորնիահայ համայնքի բաղկացուցիչ ազգային քաղաքական, բարեսիրական ու կրօնական միաւորները, իւրայատուկ նախաձեռնութիւններով կը դիմաւորէին Մայր Հայրենիք Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 20-րդ տարեդարձը: Անկախութեան այդ հերոսական ձեռքբերումը կու գար իրագործել մեր ժողովուրդի դարաւոր երազը: Ան կը վերականգնէր մեր ազգային արաժանապատւութիւնը: Ճանապարհ կը հարթէր դէպի ազգային դատի արդար կարգաւորման պայքարին առջեւ: Նաեւ, գաղութը ակնկալութիւններ ունէր Նախագահէն, դէմ յանդիման գալու, խօսելու եւ լսելու զինք` երկրի եւ ժողովուրդի մասին, հայրենիքի Անկախութենէն 20 տարի ետք:
Տեղի ունեցաւ ՄԱԿի համաժողովը: Նախագահը ունեցաւ իր ելոյթը, որուն յաջորդեց Ուրբաթ 23 Սեպտեմբերին իր որակաւոր պատուիրակութեան գլուխը անցած ժամանումը Լոս Անճելըս, ուր յաջորդական երեք խիստ սահմանափակ օրերու ընթացքին ունէր հեւ ի հեւ վազքի կարօտ խիտ յայտագիրի մը ամբողջացումը: Ան պիտի այցելէր Մոնթեպելլօ, ուր ծաղկեպսակ պիտի զետեղէր Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ: Կիրակի, 25 Սեպտեմբերին պիտի մասնակցէր` “Եունիվերսըլ Հիլթըն”ի մէջ տեղի ունենալիք ներկայացուցչական ժողովի մը, ուր հրաւիրուած պիտի ըլլային հայ գործարարներ եւ աւուր պատշաճի ելոյթ մը ունենալէ ետք պիտի վազէր Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ եկեղեցին, կարճ տեւողութեամբ ներկայ գտնուելու համար Սրբ. Պատարագին: Այնուհետեւ յարգելի հիւրը պիտի երթար իր մասնակցութիւնը բերելու “՚Ամերիա” դրամատան բացման արարողութեան, ապա` ներկայ գտնուէր Հայաստանի հիւպատոսարանի նոր շէնքի բացման միջոցառման: Նախագահական եռօրեայ խճողուած յայտագիրը իր աւարտին պիտի յանգէր Հայաստանի Անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթով մը, որ տեղի պիտի ունենար Կիրակի 25 Սեպտեմբերի երեկոյեան: Եթէ ուշադրութիւն դարձուի յայտագրի կազմութեան վրայ, պիտի տեսնենք կարգ մը բացթողումներ, որոնք ժխտական անդրադարձ կը թողուն ընթերցողին վրայ:
Յատկանշական բացթողում մըն է Պր. Նախագահի կողմէ գործուած անտեսումը հայ հասարակութեան, որուն հետ հրապարակային ոչ մէկ հանդիպում նախատեսուած էր յայտագրի կազմութեան մէջ: Բացթողում մըն էր անոր խուսափումը ժողովուրդին հետ շփուելէ: Բացթողում մըն էր իր ժողովուրդին պատգամներ չտալը: Բացթողում մըն էր միշտ սահմանափակ շրջանակներու հետ շահաբեր կապի մէջ մնալու նախատրամադրութիւնը: Բացթողում էին հայ գործարարներու հետ տեղի ունեցած “ֆորումին`” Հայաստանը տնտեսապէս ինքնաբաւ ցոյց տալու Նախագահին ունեցած ուռուցիկ հաստատումները, փոխանակ ցոյց տալու հոն անօթութեան մատնուած հայ ազգաբնակչութեան օգնելու հրամայականը, գործազրկութեան ցնցիչ իրողութիւնը, գոյութեան պահպանման անկարելիութեամբ բացատրուող ազգը ցնցող, ամէն օր նոր աճ արձանագրող արտագաղթին: Երկար է շարքը բացթողումներու, որոնց մէջ առկայ է համայնքս յուզող սրտակեղեք այն իրողութիւնը, որ Երեւանի իշխանութիւններու եւ հայրենի ազգաբնակիչներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ծանօթ այն վիհը, անհաղորդակցութիւնը, անհանդուրժողութիւնը եւ խտրական ոգին կը փորձուի տեղադրել նաեւ Սփիւռք աշխարհի մէջ: Պրն. Նախագահը, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանի նոր շէնքին բացման առիթով կատարեց հաստատում մը: Ան պատգամեց, որ “իշխանութիւնը սիրողներ կամ չսիրողներ կ`անցնին կ’երթան, բայց հայրենիքը կը մնայ”: Մեր պատգամը պիտի ըլլար այն, որ չարդարանանք լափալիսեան ճշմարտութեան կարգ անցած այդ ասացուածքով: Նախագահին հետեւողականութեամբ, մեր թելադրութիւնը պիտի ըլլար մեր իշխանութիւններուն` գործել այնպէս, որ վերջ գտնեն անօրինութիւնները, կամայականութիւնները, հակաժողովրդավարութիւնը, կաշառակերութիւնը, խտրականութիւնը: Գործել այնպէս որ առաջքն առնուի չքաւորութեան, գործազրկութեան, արտագաղթին: Աշխատիլ այնպէս, որ Գերիշխող դառնայ ընդհանրական շահը: Զօրանայ ներազգային գործակցութեան ոգին, միաբանութիւնը: Վստահիլ սեփական ուժերուն` մերժելով ամէն ձեւի ենթակայութիւն: Ասոնք են ազգի մը զօրացման, բարգաւաճման եւ լինելիութեան գրաւականները եւ նաեւ` հիմնական պայմանները, որ հայ իրականութենէ ներս հայրենի իշխանութիւնները չսիրող չմնայ հայրենիքէն թէ Սփիւռս աշխարհի մէջ, այլապէս, զիրենք սիրողներու եւ չսիրողներու մեկնումով` ապահովաբար կրնայ եւ հայրենիքը վտանգուիլ:
Այո` Պրն. Նախագահ, այս է ճշմարտութիւնը եւ անկէ բխող իրողութիւնները: Մեր ակնկալութիւններու լոյսի տակ` Ձեզի կը մաղթենք բարի վերադարձ Մայր Հայրենիք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

US, France and Russia Call for Peaceful Settlement of Nagorno-Karabakh Conflict

MEXICO — The United States, France, and Russia have issued a joint…

Eduard Sharmazanov: Azerbaijan and Turkey are the Main Threat of Regional Security

PRAGUE — Within the framework of its visit to the Czech Republic,…

Parliament Chairman Alen Simonyan Assumes the President’s Duties Until New One Elected

YEREVAN — Speaker of the National Assembly Alen SImonyan has assumed the…

Primate\’s Christmas Message

“An Encounter with God, the Creator” “Blessed is the one who will…