Յարութ Տէր Դաւիթեան

Շատ բնական էր, որ Թունուզի եւ Եգիպտոսի ժողովրդային ըմբոստութիւնները քննարկման նիւթ դառնային Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին, վերաբանալով 2008 Մարտ 1ի արիւնոտ ու տակաւին անդարման էջը: Շատ բնական էր նաեւ, որ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր շրջանակները իրենց իւրայատուկ մեկնաբանութիւնները ունենային ատոնց կապակցութեամբ: Այս յօդուածով մենք պիտի չանդրադառնանք որեւէ կողմի յառաջ քաշած պատճառաբանութիւններուն, այլ պիտի մատնանշենք մի քանի գլխաւոր ազդակներ, որոնք շարժառիթ կը հանդիսանան այդպիսի ըմբոստութեանց ծագման եւ ծաւալման: Միաժամանակ պիտի փորձենք բացայայտել կարգ մը զուգահեռներ այս երեք շարժումներուն միջեւ:

Ժողովուրդ
Ամէնէն գլխաւոր ազդակը ժողովուրդի ազդակն է: Որքան մեծ ըլլայ իշխանութեանց հանդէպ ժողովուրդի անվստահութիւնը, այնքան մեծ է անոր ցասումը: Երբ ժողովուրդի ցասումը կը հասնի այնպիսի աստիճանի, ուր ամէն վախ յաղթահարած ան ստուարաթիւ կը նետուի հրապարակ, այդ շարժումը կը դառնայ անկասելի: Որքան մեծ ըլլայ ժողովուրդի ցասումը, այնքան անկասելի կը դառնայ անոր յառաջխաղացքը: Թունուզի եւ Եգիպտոսի ժողովուրդներուն տասնամեակներու վրայ երկարող ցասումը այդ կը վկայէ: Թունուզ յաջողեցաւ: Եգիպտոսի ժողովուրդին մինչեւ այսօր ցոյց տուած վճռակամութիւնը այդ վստահութիւնը կը ներշնջէ: Իշխանական խուլիկաններուն գլուխ չխոնարհեցնող ու վիրակապերով փաթթուած ըլլալով հանդերձ հրապարակը չլքող Եգիպտացիներու օրինակները, շատ բան կը թելադրեն երկրի իշխանութեանց: Հայաստան ձախողեցաւ, որովհետեւ ըմբոստութիւնը, արդար ըլլալով հանդերձ, ստուարաթիւ չեղաւ:

Բանակ
Ազգային պետական գերադաս շահերու նախանձախնդիր բանակը մեծ դեր ունի որեւէ պետութեան գերիշխանութեան ամրակայման եւ յարատեւման մէջ:
Իսկ հատուածական շահեր հետապնդող բանակը վտանգալից բեռ է պետութեան, երկրին ու ժողովուրդին: Թունուզի բանակը փաստեց այդ: Եգիպտոսի բանակը առայժմ ճիշտ դիրք բռնած է ու այդպէս ալ պէտք է շարունակէ, որպէս զի ժողովրդավարութիւնը յաղթանակէ: Անոր սայթաքումը աղիտաբեր պիտի ըլլայ Եգիպտոսի պետականութեան, ժողովուրդին ու ապագային: Հայաստանի բանակի օլիկարխ ու գործարար գեներալները ծանր բեռ (liability), պատուհաս ու խոչնդոտ են երկրի ու ժողովրդավարութեան յառաջխաղացման:

Մամուլ
Թունիսեան եւ Եգիպտական ըմբոստութեանց ծաւալման մէջ բացայայտ է մամուլի, հեռատեսիլի, համացանցի եւ նորօրեայ հաղորդակցական միջոցներու (Facebook, You Tube, etc.) խաղացած կարեւոր դերը: Եգիպտական ըմբոստութեան հրահրիչ կայծը, անհատի մը (Խալէտ Սայիտ) կայքէջէն բորբոքեցաւ: Եգիպտոսի իշխանութեանց պարտադրած ժամանակաւոր արգելքները հակառակ արդիւնքը տուին, ի տէս տեղացի թէ օտար լրագրողներու խիզախ կեցուածքին, ստիպելով զանոնք յետս կոչելու այդ արգելքները: 2002էն ի վեր Ա1+ի փակումը եւ ազատ հեռուստաեթերի անհանդուրժողականութիւնը կը փաստեն Հայաստանի իշխանութեանց վախն ու մտահոգութիւնը այս մասին: Սակայն բացայայտ ճշմարտութիւն է, որ ազատ խօսքի վրայ դրուած արգելքը, կ’արգելակէ նաեւ երկրին յառաջխաղացքը:

Դուրսի Ուժեր
Երկրի մը գերիշխանութիւնը անմիջական կապ ունի իր հայրենիքին ու պետական առաջնորդներուն հանդէպ ժողովուրդի տածած վստահութեան ու հաւատքին: Որքան ամուր է այդ հաւատքը, այնքան տկար կ’ըլլայ դուրսի ուժերու միջամտութիւնը երկրի ներքին գործերուն: Դուրսի ուժերէն կախեալ ու անոնց գործիք դառցած իշխանութիւնները պատուհաս են երկրի գերիշխանութեան: Թունիսեան եւ Եգիպտական ըմբոստութիւնները յանդուգն քայլեր են ձերբազատուելու դուրսին քմահաճ ու երկրին վնասաբեր առաջնորդներէ: Երանի այդ շարժումը նաեւ համակէ Հայաստանը:
Այս գլխաւոր ազդակներէն զատ կան նաեւ այլ ազդակներ, ինչպէս անգործութիւն, աղքատութիւն, սոցիալական անապահովութիւն, կաշառակերութիւն, անարդարութիւն, եւայլն, որոնց կարելի է անդրադառնալ բայց առայժմ զանց կ’առնենք: Եթէ ազգովին կարողանաք վերը նշած մեր չորս ազդակներէն ճիշտ հետեւութիւնները ընելով սրբագրել ներկայի մեր վնասաբեր ընթացքը, այն ժամանակ կրնանք աւելի լաւատեսօրէն ներշնջուիլ ապագայով: Թունուզի եւ Եգիպտոսի ժողովուրդներուն նման, մենք պէտք է հրապարակ իջնենք արժանապատիւ ապագայի մը պահանջով: Թունուզի ըմբոստութիւնը հրահրուեցաւ 26-ամեայ համալսարանաւարտ, բայց անգործութեան մատնուած ըլլալով բանջարեղէն ծախող Մոհամմէտ Պուազիզի ինքնահրկիզումով, որուն արժանապատուութիւնը վիրաւորած էր ոստիկան մը: Թունուզի նախագահ Զէյն Ապիտին Պին Ալի իր հրաժարումէն առաջ, առնուազն ազնուութիւնը ունեցաւ հիւանդանոցային այցելութիւն մը տալու մահամերձ Պուազիզին: Իսկ Մարտ 1ի զոհերու հարազատները, մօտ երեք տարիներէ ի վեր տակաւին կը սպասեն նուազագոյն ազնիւ վերաբերմունքի…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

A Question of Terminology and More: Corridors and Transit Routes

BY JIRAIR LIBARIDIAN Mirror-Spectator On January 19, 2023, the author gave an…

Armenia Wants a Sustainable Peace. It Needs the International Community’s Help

BY ARMEN BAIBOURTIAN Op-Ed published in Fresno Bee November 3,2020 The world’s…

OSCE Minsk Group Must Forgo the Current Status Quo

While 2015 has seen an unprecedented armed escalation and aggravation of the…

Turkish Intellectuals Who Have Recognized The Armenian Genocide: Kemal Yalçin

By Hambersom Aghbashian Kemal Yalçin (born 1952 in Turkey’s southwestern Denizil province),…