Փետրուար 9, 2011, Չորեքշաբթի ՌԱԿ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ (Ալթատինա, Քալիֆորնիա) խորհրդակցական հանդիպում տեղի ունեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնին միջեւ, քննարկելու համար Ամերիկահայութիւնը հետաքրքրող հարցեր:
Հանդիպումի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան համահայկական քաղաքական հրատապ հարցերու շուրջ:
Քննարկուեցան Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, Գալիֆորնիայի Հայկական Միացեալ Մարմնի եւ հայրենիքի պետութեան կողմէ առաջարկուող երկպալատ խորհրդարան ստեղծելու գաղափարին առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ շարք մը աշխատանքային ծրագիրներ:
Քոյր կուսակցութիւններու միջեւ համերաշխ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող խորհրդակցութիւնը որոշում կայացուց, յառաջիկային եւս միատեղ գործել` մեր համայնքի ու Հայրենիքի քաղաքական եւ հասարակական ոլորտներուն մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Turkish Intellectuals Who Have Recognized The Armenian Genocide: Aslı Erdoğan

By Hambersom Aghbashian Aslı Erdoğan (born 1967) is a prize-winning Turkish writer,…

ADAA and Saroyan Foundation Host Saroyan Exhibit at Opening of Antaeus Theatre

GLENDALE – Beginning March 2rd, The Armenian Dramatic Arts Alliance (ADAA) and…

Statement by President Trump on Armenian Remembrance Day 2018

Today we commemorate the Meds Yeghern, one of the worst mass atrocities…

Artsakh National Assembly Elects Samvel Shahramanyan as New President

STEPANAKERT—The National Assembly of Artsakh elected Samvel Shahramanyan, the Minister of State,…