Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ Անդամակցութեան Յայտ Ներկայացնելը Հայաստանի Որոշումն Է, Թեկնածուի Կարգավիճակ Տալը՝ Անդամ Երկիրներուն․ Քոս

ԵՄ Անդամակցութեան Յայտ Ներկայացնելը Հայաստանի Որոշումն Է, Թեկնածուի Կարգավիճակ Տալը՝ Անդամ Երկիրներուն․ Քոս

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է որոշէ՝ դիմե՞լ Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար, իսկ յայտը ստանալէ յետոյ որոշումը պիտի կայացնեն ԵՄ անդամ երկրները։ «Սիվիլնեթ»-ի հարցումին ի պատասխան այս մասին ըսած է ԵՄ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս։

Նոյեմբեր 16-ին Պրիւքսէլի մէջ «Սիվիլնեթ»-ը Քոսին հարցուցած է՝ արդեօք իրատեսական է՞ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նշած ժամկէտը, ըստ որուն՝ Հայաստանը կրնայ ԵՄ անդամակցութեան պաշտօնական յայտ ներկայացնել 2027 կամ 2028 թուականին։

«Ինչ կը վերաբերի թեկնածուի կարգավիճակ ստանալու համար դիմելու հնարաւորութեան, ապա այդ հարցը պիտի որոշէ անոնց կառավարութիւնը։ Երբ ստանանք դիմումը, անդամ երկիրները պիտի կայացնեն որոշումը»,- ըսած է Քոս։

Եւրոյանձնակատարը չէ գնահատած նշուած ժամկէտերու իրատեսականութիւնը եւ չէ յստակացուցած՝ արդեօք ԵՄ անդամ երկիրները պատրաստ պիտի ըլլա՞ն Հայաստանին թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու։

Նոյեմբեր 3-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած Euronews-ի՝ ԵՄ ընդլայնման նուիրուած գագաթաժողովին Փաշինեան յայտնած էր, որ Հայաստանը կրնայ անդամակցութեան յայտ ներկայացնել 2027 կամ 2028 թուականին։

2025-ի Մարտին Հայաստանի Ազգային Ժողովը ընդունած է Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի մասին օրէնք։ Սակայն անոր ընդունումը ԵՄ անդամակցութեան պաշտօնական յայտ չէ, եւ Հայաստանը չունի թեկնածու երկրի կարգավիճակ։

ԵՄ ընթացակարգերուն համաձայն՝ անդամակցութեան յայտ ներկայացնելէ յետոյ Եւրըյանձնաժողովը կրնայ գնահատել դիմող երկրին պատրաստուածութիւնը եւ ներկայացնել իր եզրակացութիւնը։ Թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու որոշումը կը կայացնեն ԵՄ անդամ երկիրները։

Հայաստանի իշխանութիւնները կը ձգտին խորացնելու յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան հետ՝ միաժամանակ պահպանելով անդամակցութիւնը Ռուսաստանի գլխաւորած Եւրասիական Տնտեսական Միութեան։ Փաշինեանը նախապէս ընդունած է, որ Հայաստանը չի կրնար միաժամանակ անդամակցիլ երկու միություններուն, սակայն նշած է, որ այս փուլին ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու որոշում չէ կայացուած։

Քոս նաեւ ընդգծած է Եւրոմիութեան տնտեսական աջակցութիւնը Հայաստանին՝ յատկապէս Ռուսաստանի կողմէ գործադրուող ճնշումներու պայմաններուն մէջ։

«Իհարկէ, մենք կը հետեւինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, աշխուժօրէն ներգրաւուած ենք Հայաստանին աջակցելու գործին մէջ, յատկապէս տնտեսութեան աջակցելու հարցով, մասնաւորապէս՝ Ռուսաստանի կողմէ ճնշումներու պատճառով»,- ըսած է ան։

Հոկտեմբերէն ԵՄ-ն ժամանակաւոր առեւտրային արտօնութիւններ սահմանած է Հայաստանի համար։ Անոնց շրջանակին մէջ Եւրոմիութիւն արտահանուող հայկական ապրանքներուն շուրջ 80 տոկոսը ազատուած է մաքսատուրքերէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment