Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալեն Սիմոնեան Յայտնած Է, Որ Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնին Իր Հնարաւոր Առաջադրման Շուրջ Քննարկումներ Չկան

Ալեն Սիմոնեան Յայտնած Է, Որ Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնին Իր Հնարաւոր Առաջադրման Շուրջ Քննարկումներ Չկան

by MassisPost

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեան յայտնած է, որ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին իր հնարաւոր առաջադրման շուրջ քննարկումներ չկան։

Սիմոնեան այս մասին ըսած է Ֆէյսպուքի իր էջով հրապարակած տեսանիւթի մէջ։

Ան անտեղի համարած է այդ մասին խօսակցութիւնները՝ նշելով, որ դեռ յայտնի չէ, թէ ինչով պիտի զբաղի յառաջիկայ տարիներուն։

Ան անդրադարձած է արձագանգներուն, որոնք հետեւած էին Երեւանի խցանումներուն մասին Աննա Յակոբեանի տեսանիւթով իր կիսուելուն։

«Ես եւ դուք չգիտենք, թէ ես ինչով զբաղուած կը լինեմ մէկ տարի յետոյ, վեց ամիս յետոյ, երկու տարի յետոյ, եւ նման խօսակցութիւններն ուղղակի անտեղի են։ Ես, շատ հաւանական է, որ զբաղուած լինեմ մէկ այլ գործով։ Շատ հաւանական է, որ այն գործը, որով ես հիմա զբաղւում եմ, լինի այնքան ծանրաբեռնուած կամ այնպիսի փուլում, որ ես ընդհանրապէս որեւէ բանով չկարողանամ զբաղուել։ Շատ հնարաւոր է, որ ես ընդհանրապէս նոյնիսկ զբաղուեմ մասնաւոր ինչ-որ գործունէութեամբ։ Ո՞վ գիտի, կեանք է»,- ըսած է Սիմոնեան։

ԱԽ քարտուղարը նշած է, որ Երեւանի խնդիրներով վաղուց կը հետաքրքրուի եւ պիտի շարունակէ հետաքրքրուիլ նաեւ ապագային։ Ան նաեւ ըսած է, որ տարբեր ոլորտներու մէջ առկայ խնդիրները յաճախ կը բարձրաձայնեն եւ կը լուծեն համատեղ։

Անդրադառնալով քաղաքապետի պաշտօնին՝ Սիմոնեան նշած է, որ Երեւանը ունի գործող քաղաքապետ՝ Տիգրան Աւինեանը։

«Ես չեմ բացառում, որ մեր թիմի իւրաքանչիւր անդամ կարող է որեւէ բանի յաւակնել։ Բայց կրկնում եմ՝ նման խօսակցութիւններ չկան»,- ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment