Հարաւային Կովկասի նշանակութիւնը Եւրոմիութեան համար անառարկելի է, իսկ տարածաշրջանի շուրջ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները աւելի կ’ընդգծեն անոր կարեւորութիւնը, յայտնած է Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ։
Երեւանի մէջ կայացած Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային երկխօսութեան երրորդ համագումարին եւրոպացի դիւանագէտը ընդգծած է, որ Պրիւքսէլը մտադիր է խորացնել համագործակցութիւնը տարածաշրջանի երկիրներուն հետ՝ ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ տարածաշրջանային մակարդակներու վրայ։
Անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն՝ Կրոնօ նշած է, որ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումէն յետոյ երկու երկիրներուն համար բացառիկ հնարաւորութիւն ստեղծուած է յաղթահարելու հակամարտութեան ծանր ժառանգութիւնը եւ զարգացնելու տարածաշրջանային համագործակցութիւնը։
Անոր խօսքով՝ թէեւ խաղաղութեան գործընթացը կ’ընթանայ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ, Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցելու գործնական նախաձեռնութիւններուն՝ սահմանազատումէն մինչեւ առեւտուրի եւ փոխադրութեան կապերու զարգացում։
«Փոխադրութեան կապերը Եւրոմիութեան համար ռազմավարական կարեւոր առաջնահերթութիւն են։ Սակայն պակաս կարեւոր չէ նաեւ հասարակութիւններու հետ աշխատանքը, որպէսզի մարդիկ իրենց զգան ամուր, արդար եւ յարատեւ խաղաղութեան մասնակից»,- ըսած է Կրոնօ։
ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը շեշտած է, որ խաղաղութեան գործընթացները պէտք չէ սահմանափակուին քաղաքական վերնախաւերով, անոնց մէջ պէտք է ներգրաւուած ըլլան նաեւ հասարակութիւնները։

