Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը:
Ֆրանսայի նախագահը ողջունած է ՀՀ վարչապետին այցը եւ մասնակցութիւնը Փարիզի Խաղաղութեան համաժողովին: Էմանուէլ Մաքրոն նշած է, որ այսօրուայ հանդիպումը լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու երկկողմ ռազմավարական յարաբերութիւններու օրակարգը:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան եւ Փարիզի Խաղաղութեան 9-րդ համաժողովին հրաւիրելու համար: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը եւ կարեւորած է բոլոր ուղղութիւններով կապերու զարգացումն ու ընդլայնումը:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է ենթակառուցուածքներու եւ այլ ուղղութիւններով համատեղ ծրագրերու ընթացքին:
Քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման, այդ շարքին՝ վիզաներու ազատականացման գործընթացին եւ ԵՄ աջակցութեամբ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին առնչուող թեմաներ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմանուէլ Մաքրոն միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներու եւ տեղի ունեցող գործընթացներու շուրջ:


