Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթընը, Երեւանը Եւ Պաքուն Եռակողմ Տեխնիկական Խումբեր Ստեղծած Են՝ TRIPP-ը Յառաջ Մղելու Համար

Ուաշինկթընը, Երեւանը Եւ Պաքուն Եռակողմ Տեխնիկական Խումբեր Ստեղծած Են՝ TRIPP-ը Յառաջ Մղելու Համար

by MassisPost

Միացեալ Նահահանգները, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը յայտարարեն եռակողմ տեխնիկական ծրագրաւորման խումբերու ստեղծման մասին՝ յառաջ մղելու TRIPP նախագիծը:

Երեք պետութիւններու համատեղ յայտարարութիւնը տարածուած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Պրենտան Հանրահանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու փոխնախարարներ Վահան Կոստանեանի եւ Էլնուր Մամետովի անունով:

«Եռակողմ տեխնիկական ծրագրաւորման խումբերու ձեւաչափը կը միաւորէ երեք երկիրներու քաղաքականութիւն մշակողները եւ տեխնիկական փորձագէտները՝ համագործակցաբար աշխատելու եւ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան, տնտեսական կենսունակութեան, տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան եւ առեւտրային բարգաւաճման ապահովման նպաստելու նպատակով՝ վերահաստատելով նախագահ Թրամփի միջնորդութեամբ 2025 թուականի Օգոստոս 8-ին կայացած Խաղաղութեան գագաթաժողովի անկիւնաքարային հռչակագրին նշանակութիւնը»,-
նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Կողմերը տեղեկացուցած են, որ պայմանաւորուած են առաջինը գործարկել փոխադրութեան եւ ելեկտրուժի հաղորդման ուղղութիւններով եռակողմ տեխնիկական խումբերը՝ «տեսլականը շօշափելի յառաջընթացի վերածելու ընդհանուր
յանձնառութեամբ»:

Կը նշուի, որ ծրագրաւորման այս խումբերուն ձեւաւորումը կարեւոր քայլ է բարդ տեխնիկական հարցերու լուծման եւ իրականացման յաջորդ փուլերուն անցնելու ուղղութեամբ, այդ շարքին՝ տարածաշրջանային այլ ենթակառուցուածքներու հետ
կապի ապահովման առումով։

«Կողմերը վերահաստատած են TRIPP-ի բոլոր բաղադրիչներուն՝ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտերու մէջ գործարկումը ապահովելու իրենց համապատասխան յանձնառութիւնները», – յայտարարած են երեք պետութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment