Արցախէն տեղահանուած շուրջ 25 հազար մարդ պետական աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերած է կամ կը գտնուի տան կառուցման փուլին մէջ։ Նոյեմբեր 9-ի ասուլիսին այս մասին յայտնած է Աշխատանքի եւ բարեկեցութեան նախարարութեան կառուցուածքային ստորաբաժանումներու առանձին գործառոյթներ համակարգող խորհրդական Գայիանէ Ղարագէօզեան։
Անոր խօսքով՝ բնակարանի ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրով հաստատուած է 9042 ընտանիքի հաւաստագիր՝ շուրջ 37 հազար մարդու համար։ Անոնցմէ 5372 ընտանիք արդէն իրացուցած է հաւաստագիրը։
Ղարագէօզեան նշած է, որ հաւաստագիր ստացած ընտանիքներէն 396-ը ընտրած է անհատական տան կառուցման բաղադրիչը, որոնցմէ 107-ը արդէն իրացուցած է հաւաստագիրը։
«Այսօր արդէն ունենք մի իրավիճակ, որ երկրորդային շուկայում կարծէք թէ պատրաստի տները սպառուել են եւ մեր շահառուների մեծ մասը ապաւինում են այլեւս կառուցապատման բաղադրիչին»,- ըսած է ան։
Անոր խօսքով՝ նախարարութիւնը կը փորձէ բարելաւել կառուցապատման բաղադրիչի ընթացակարգերը, որպէսզի շահառուները դրամատուներու եւ կառուցապատողներու հետ խնդիրներ չունենան։

