Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միացեալ Նահանգներուն Համար ԹՐԻՓՓ-ը Առեւտրային Հնարաւորութիւններ Կը Բանայ Ամերիկեան Ընկերութիւններուն Առջեւ

Միացեալ Նահանգներուն Համար ԹՐԻՓՓ-ը Առեւտրային Հնարաւորութիւններ Կը Բանայ Ամերիկեան Ընկերութիւններուն Առջեւ

by MassisPost

«Հայաստանի համար ԹՐԻՓՓ-ը համահունչ է վարչապետ Փաշինեանի «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է Հայաստանը դարձնել առեւտուրի եւ տարանցման տարածաշրջանային հանգոյց»:

Այս մասին ըսած է ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալէն՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կազմակերպած Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթաժողովին:

«Միացեալ Նահանգներուն համար այն առեւտրային հնարաւորութիւններ կը բանայ ամերիկեան ընկերութիւններուն առջեւ եւ յառաջ կը մղէ կայուն, բարգաւաճ եւ փոխկապակցուած Հարաւային Կովկասի հետ կապուած մեր ռազմավարական շահը։

Միացեալ Նահանգները համոզուած է, որ երբ հարեւան երկիրներուն միջեւ առկայ են առեւտրային կապեր, անոնք աւելի քիչ հակուած են պատերազմելու։ Երբ ճանապարհն ու երկաթուղին կը հատեն սահմանները, անոնք սոսկ ապրանքներ չեն փոխադրեր․ անոնք վստահութիւն կը փոխադրեն»,- ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment