Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Կը Փորձէ Որոշումներուն Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ․ Ռուսաստանի ԱԳ Փոխնախարար

Հայաստանը Կը Փորձէ Որոշումներուն Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ․ Ռուսաստանի ԱԳ Փոխնախարար

by MassisPost

«Երեւանը կրկին փորձեր կը ձեռնարկէիր ընդունած որոշումներուն պատասխանատուութիւնը բարդել Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներուն վրայ»:

Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի ԱԳ փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքին։

«Չնայած ՀԱՊԿ-ին իր մասնակցութիւնը սառեցնելուն եւ անդամավճարները չվճարելուն՝ Հայաստանը տակաւին կը շարունակէ մնալ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ։ Մենք Երեւանը դուրս չենք թողեր մեր համագործակցութենէն՝ գործընկերներու համար պահպանելով կազմակերպութեան շրջանակին մէջ մշակուող բոլոր որոշումներուն միանալու հնարաւորութիւնը, ինչը, ի վերջոյ, լիովին պիտի համապատասխանէր անոնց շահերուն։ Ցաւօք, հայկական կողմէ փոխադարձ քայլեր չենք տեսներ։ Աւելին՝ կրկին ակնյայտ են ընդունուած որոշումներուն պատասխանատուութիւնը ուրիշներուն վրայ բարդելու փորձերը»,- տրտնջացած է Փանքին։

ՌԴ ԱԳ նախարարի տեղակալը յիշեցուցած է, որ «ՀԱՊԿ կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն՝ անդամ պետութիւնը կրնայ զրկուիլ ձայնի իրաւունքէն՝ մինչեւ կուտակուած անդամավճարներու պարտքի ամբողջական մարումը»։

Մեկնաբանելով Նոյեմբեր 11-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած ՀԱՊԿ գագաթաժողովի ակնկալիքները՝ ան ըսած է, որ կազմակերպութեան Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի յառաջիկայ նիստը «պիտի դառնայ կազմակերպութեան մէջ Ռուսաստանի նախագահութեան գագաթնակէտը»։

«Մեր պետութիւններու ղեկավարներու հաստատման կը նախատեսուի ներկայացնել փաստաթուղթերու ծաւալուն փաթեթ, որ ուղղուած է կազմակերպութեան ներուժի հետագայ համակողմանի ամրապնդման՝ որպէս տարածաշրջանային կայունութեան պահպանման առանցքային մեխանիզմներէն մէկուն»,- նշած է Փանքին։

Բացի անկէ, անոր խօսքով, նիստի մասնակիցները կը նախատեսեն նաեւ «համաձայնեցնել դիրքորոշումները միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդիական հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ նախանշել ՀԱՊԿ շրջանակին մէջ դաշնակցային համագործակցութեան հետագայ զարգացման հիմնական ուղղութիւնները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment