Հայաստանը վստահեցուցած է Իրանին, որ Սիւնիքի մարզով անցնող «Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) նախագիծը պիտի չփոխէ տարածաշրջանին սահմանները կամ աշխարհաքաղաքականութիւնը, յայտնած է Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Էսմայիլ Պաղայի։
«Մենք բազմիցս կրկնած ենք մեր դիրքորոշումը։ Մենք ողջունած ենք փոխադրութեան կապուղիներու շրջափակման վերացումը եւ ընդգծած, որ այս նախագիծերը պէտք չէ յանգեցնեն տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութեան»,- նշած է Պաղայի։
Անոր խօսքով՝ փորձը ցոյց կու տայ, որ ԱՄՆ-ի ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ միշտ ուղեկցուած են անապահովութեամբ։
«Մենք մեր մտահոգութիւնները փոխանցած ենք Հայաստանին, եւ մեզ վստահեցուցած են, որ այս նախագիծը պիտի չյանգեցնէ սահմանային փոփոխութեան»,- յաւելած է ան։
Պաղայի նաեւ նշած է, որ ճանապարհի շինարարութիւնը պիտի իրականացնեն հայկական ընկերութիւնները, եւ այստեղ ԱՄՆ ռազմական ուժեր պիտի չտեղակայուին։
Խօսնակը նաեւ ընդգծած է, որ Իրանը շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի հետ, սակայն ուշադիր կը հետեւի զարգացումներուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային հրապարակայնօրէն պիտի յայտնէ իր դիրքորոշումը։

